Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ կը շարունակուի կռփամարտի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` 10 կռփամարտիկով:
Այս 66-րդ միջազգային մրցաշարքին, երէկ մրցասպարէզ դուրս եկած հայրենի վեց կռփամարտիկներէն չորսը յաղթեցին իրենց մրցակիցներուն, կը յայտնէ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Իր 2-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց Վլատիմիր Մարգարեան (69 քկ): Վստահ յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Արթուր Յովհաննիսեան (49 քկ): Իրաւարարներուն միաձայն որոշումով, յաղթանակ տօնեց նաեւ Սամուէլ Բարսեղեան (60 քկ):
Իր առաջին մենամարտին ընթացքին յաղթանակ արձանագրեց նաեւ 2014 տարեշրջանի Հայաստանի լաւագոյն մարզիկ Արման Յովիկեան (75 քկ):
Սակայն Յովհաննէս Պաչքով (64 քկ) եւ Նարեկ Մանասեան (81 քկ) դժբախտաբար պարտութիւններ կրեցին իրենց մրցակիցներէն:
Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղար Արամ Մանուկեան յայտնեց, որ 10 կռփամարտիկներէն 7-ն կը պայքարին կիսաւարտականի տոմս մը ապահովելու եւ միեւնոյն ժամանակ ալ` մետալի համար: