Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 27-29 մարտին Սանթրալ ակումբին մէջ (Ժունիէ) տեղի պիտի ունենայ մարզիչներու յատուկ դասընթացք մը` տարիքային դասակարգին համար:
Ասիկա տեղի պիտի ունենայ գործակցութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Ասիոյ եւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոններուն:
Այս դասընթացքին ներկայ պիտի ըլլան եւ հսկեն սերպ Վեսելին Մաթիչ, անոր ազգակիցը` Միլան Օպասիչ, ամերիկացի Կիպսըն Քըրք Առնոլտ եւ Ժան-Քլոտ Ռապպաթ:
Անոր մասնակցութեան իբրեւ սակ ճշդուած է 200 ամերիկեան տոլար, իսկ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամն է 23 մարտը:
Բնականաբար, դասընթացքին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է իրենց թղթածրարը ամբողջացնեն եւ ֆետերասիոնին կողմէ պահանջուած բոլոր վաւերաթուղթերը ապահովեն:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է կապ հաստատել Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հետ (04-722023 եւ 04-722024):