Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Ի. Էս. Փի. Էն.» հաղորդեց, որ նախանցեալ օր Միացեալ Նահանգներու մէջ իր 87 տարեկան հասակին մէջ մահացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան առաջին սեւամորթ խաղացողը` Ըրլլոյտ:
Ան «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն սկսաւ մասնակցիլ 1950-ին` մաս կազմելով Ուաշինկթըն Քեփիթըլզի:
Ան 1955-ին Սիրաքուզ Նեշընըլզի հետ հանդիսացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան:
Լոյտ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն ընդամէնը մասնակցեցաւ 560 ճակատումի:
1951-1952 տարեշրջանին ան ախոյեանութեան չմասնակցեցաւ, որովհետեւ զինուորական ծառայութեան մեկնեցաւ: