Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի ճակատումներուն, Հայաստանի 9 ներկայացուցիչներէն չորսը` Կարէն Գրիգորեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Զաւէն Անդրէասեան եւ Վլատիմիր Պօղոսեան յաղթանակներ արձանագրեցին:
Հայաստանի ախոյեան Կարէն Գրիգորեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան հայրենի մասնակցողներուն մէջ արձանագրած են երկուքական յաղթանակ:
Եւրոպայի ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 8 մարտին:
ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, պրազիլահայ Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան առաւելագոյն 7 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով Իթուի մէջ (Պրազիլ) տեղի ունեցած արագ ճատրակի մրցաշարքին, հանդիսացաւ տիտղոսակիր` 112 մասնակցողներուն մէջ: