Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց տարիքային ախոյեանութեան (2001-2002-ի ծնունդ) 3-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 1 մարտին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Անդրանիկի դէմ:
Բ. խմբակին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 13:30-ին, տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):


