Զուիցերիական Ցիւրիխի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Արտեոմ Սիմոնեան իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկէն հեռանալու իր որոշումին մասին:
Ան ըսաւ. «Վիլաս Պոասի տեղափոխութենէն ետք երեք ամիս աշխատեցայ հիմնական խումբին հետ, կը յայտնուէի հանդիպումներուն ցանկին վրայ` մնալով միշտ գլխաւոր մարզիչին ուշադրութեան ներքեւ: Կը հասկնայի, որ դժուար է դիրքս հիմնական կազմին հետ եւ այդ իսկ պատճառով կը սպասէի առիթի:
«Սակայն Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականէն հրաւէր ստանալէ ետք ամէն ինչ կտրուկ կերպով փոխուեցաւ: Այս առիթով կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ ազգային հաւաքականին պատասխանատուներուն:
«Կու գամ ըսելու, որ Ցիւրիխի մաս կազմելու առիթը ստացայ` ազգային հաւաքականէն խաղալու համար:
«Հաւաքականէն ելոյթ ունենալէ ետք Զենիթի առաջին խումբ հրաւիրուելէ դադրեցայ: Այդ ժամանակ զգացի, որ պէտք է այլ ակումբ մը փնտռեմ:
Նշենք, որ այս լուրը հրապարակեց ArmSport.am` վկայակոչելով Sportsdaily-ru կայքը: