Քաթալոնիական Պարսելոնայի միջնապահ Չաւի այս տարեշրջանին աւարտէն ետք շատ հաւանաբար տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ եւ մաս կազմէ «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Նիւ Եորք Սիթիի:
Ըստ շրջան ընող տեղեկութիւններուն, այս հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է 35 տարեկան ֆութպոլիստին ներկայացուցիչներուն եւ ամերիկեան ակումբին միջեւ. համաձայնութեան գոյացման ներկայ եղած է նաեւ նոյնինքն Չաւի:
Եթէ պատահի, որ Չաւի միանայ Նիւ Եորք Սիթիի, ան իրեն խմբակից պիտի ունենայ Պարսելոնայի իր նախկին խմբակիցը` Տաւիտ Վիյան եւ Ֆրանք Լամփարը, որ ներկայիս, փոխ տրուած է Մանչեսթըր Սիթիի:
Նշենք, որ Պարսելոնայի հետ Չաւիի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2016-ի ամրան: