Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց յունահռոմէական ոճի ըմբիշներուն վարկանշային դիրքերը:
ArmSport.am լրատուական կայքը հաղորդեց, որ ըստ դասակարգերու, 20 լաւագոյն ըմբիշներուն ցանկերուն մէջ հայ մարզիկները կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը.
71 քկ դասակարգին մէջ Վարշամ Փորանեան 5-րդ դիրքէն նահանջեց 8-րդ դիրք: 75 քկ դասակարգին մէջ աշխարհի գործող ախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեան կը շարունակէ զիջիլ միայն ասիական խաղերու գործող ախոյեան Քիմ Հիուն Վույին:
Նոյն դասակարգին մէջ Կարապետ Չալեան 19-րդ դիրքէն բարձրացաւ 10-րդ դիրք:
85 քկ դասակարգին մէջ Մաքսիմ Մանուկեան 5 դիրքի ոստում մը արձանագրելով բարձրացաւ 9-րդ դիրք:
Վերջապէս 98 քկ ըմբիշներուն պարագլուխի դիրքը կը շարունակէ գրաւել աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան: