Լոս Անճելըս Լէյքըրզի խաղացող Սթիւ Նեշ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ վերջ մը կը դնէ պասքեթպոլի իր արհեստավարժ ասպարէզին, հակառակ անոր որ կը փափաքէր «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան այս տարեշրջանը ամբողջացնել:
«Դժբախտաբար կու գամ հեռանալու պասքեթպոլի աշխարհէն, որովհետեւ միշտ վնասուածքներ ստանալով չեմ կրնար մրցումներու մասնակցիլ: Եթէ մրցումի մը մասնակցիմ, անդին մէկ ամիսով կը բացակայիմ դաշտերէն: Մէջքիս հետ կապուած բազմաթիւ խնդիրներ ունիմ», ըսաւ 41 տարեկան քանատացի Նեշ:
Բացի Լէյքըրզէն, իր 18 տարուան արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մաս կազմած է նաեւ` Տալաս Մավըրիքսի եւ Ֆէոնիքս Սանզի:
Ան երկու անգամ ընտրուած է «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն արժէքաւոր պասքեթպոլիստի տիտղոսին, իսկ 8 անգամ ալ մասնակցած է «Օլ-Սթար»-ի մրցումին: