Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Լիբանանի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը եւ Լիբանանեան բանակը, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 5-1 արդիւնքով:
Պէյրութի դրամատունը այսպիսով հեթրիք մը իրագործեց` նկատի ունենալով, որ անիկա նախապէս տիրացած էր Լիբանանի գերբաժակի մրցաշարքին եւ Լիբանանի ախոյեանութեան տիտղոսներուն:
Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Շըհաֆ, ֆութսալի յանձնախումբի նախագահ Սիմոն Տուէյհի եւ այլ անձեր: