Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 7 մարտին, տեղի կ՛ունենայ Անդրանիկ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
Այս մրցումը սկզբունքով պիտի սկսէր երեկոյեան ժամը 20:00-ին: Սակայն Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը եկաւ տեղեկացնելու, որ այս մրցումը պիտի սկսի աւելի կանուխ, այսինքն` փոխան ժամը 20:00-ին, անիկա սկիզբ պիտի առնէ երեկոյեան ժամը 18:00-ին