Լիբանանի ֆութպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէ Լեռնալիբանանի նահանգին, երէկ Անսարի դաշտին վրայ մրցեցաւ Սաքաֆի Շըհիմի դէմ:
Հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ 3-1 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը, սակայն Սաքաֆի Շհիմ տարաւ վերջնական յաղթանակը` 5-3 արդիւնքով:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Նժդեհ Գազեզեան նշանակեց 2 կոլ: