«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը գումարեց իր համագումարը, որուն ներկայ գտնուեցան քուէարկութեան իրաւունք ունեցող եօթը ակումբներէն վեցը:
Ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան հրաւիրեց ընդհանուր քարտուղար Ապտօ Նատերը, որ 2014 տարուան ընդհանուր զեկուցումը փոխանցէ:
Ժողովականները համաձայն գտնուեցան, որ 3-31 մարտին տեղի ունենան մարզիկներու ազատ փոխանցումները:
Աւարտին որոշուեցաւ կայացնել ֆետերասիոնին նոր ընտրութիւնները` նկատի ունենալով, որ փոխնախագահ Վազգէն Մելիքեանի հրաժարականէն ետք (Միացեալ Նահանգներ ճամբորդութեան պատճառով) անոր աթոռը մնացած էր թափուր:
Մրցակիցի չգոյութեան պատճառով, Քարոլ Պոյաճեան ինքնաբերաբար ընտրուեցաւ ֆետերասիոնի անդամ:
Ապա տեղի ունեցաւ պաշտօններու բաժանումը, որուն ընթացքին Վաչէ Ծատուրեան վերընտրուեցաւ նախագահ:
Ստորեւ` ֆետերասիոնին կազմը.
Վաչէ Ծատուրեան (նախագահ), Ռոպեր Փաթափութեան (փոխնախագահ), Ապտօ Նատեր (ընդհանուր քարտուղար), Քարոլ Պոյաճեան (գանձապահ), Նազարէթ Հապիպեան, Քայսար Սալլում եւ Զոհրապ Մարգարեան (խորհրդականներ):