Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), այսօր` հինգշաբթի, 5 մարտին, տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը ճակատին Պէյրութի դրամատունը եւ լիբանանեան` բանակը:
Լիբանանի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը պիտի փորձէ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տուպլէ մը իրագործել` տիրանալով անոր:
Իսկ Լիբանանեան բանակը, որ երեք անգամ հասաւ այս մրցաշարքի աւարտականին եւ երկու տարի առաջ հանդիսացաւ տիտղոսակիր, պիտի փորձէ երկրորդ անգամ ըլլալով տիրանալ այս տիտղոսին:
Նշենք, որ այսօրուան այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 17:00-ին: