Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց տարիքային ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 2001-2002-ի ծնունդ կիսաւարտականի մրցումները տեղի կ՛ունենան վաղը` կիրակի, 8 մարտին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ` Նաքքաշ:
Առաջին ճակատումին, որ պիտի սկսի ժամը 13:00-ին, իրարու դէմ պիտի մրցին ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Պլու Սթարզ:
Անոր պիտի յաջորդէ Հուփս – Շանվիլ մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 14:30-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները` աւարտականի տոմս մը ապահովելու համար: