Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 8 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մեկնի Սայտա, ուր հիւրը կ՛ըլլայ Ահլի Սայտայի:
Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունենալիք այս մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
ՀՄԸՄ-ի խումբին համար յաղթանակը կը նկատուի շատ կարեւոր, որովհետեւ այդ երեք կէտերուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ ամուր կառչած մնալ երկրորդ դիրքին եւ ինչու չէ` բարձրանալ առաջին դիրք ալ: