Նախորդ շաբաթավերջին Էսթոնիոյ մէջ աւարտեցաւ գեղասահքի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութիւնը:
Վերջին օրը տեղի ունեցաւ տղոց մենասահքը, որուն մասնակցելու իրաւունք ձեռք ձգած էր Հայաստանի ներկայացուցիչ Սլաւիկ Հայրապետեան:
Դժբախտաբար 18 տարեկան գեղասահորդը լաւագոյն 24 մարզիկներուն մէջ ապահովելով 80,11 կէտ, գրաւեց վերջին դիրքը:
ArmSport.am լրատուական կայքը նշեց, որ նախորդ տարուան համեմատած, հայ մարզիկներուն ելոյթները յառաջդիմութիւն արձանագրեցին:
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Անասթասիա Գալուստեան (16 տարեկան), բաւական լաւ արդիւնք արձանագրեց: Եթէ ան նախորդ տարի հանդիսացաւ 27-րդ, այս անգամ գրաւեց 16-րդ դիրքը: