Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Մինեսոթա 2-1 Արդիւնքով Յառաջացաւ. Տենվըր Վերադարձաւ

«Էն. Պի. Էյ.» Մինեսոթա 2-1 Արդիւնքով Յառաջացաւ. Տենվըր Վերադարձաւ

Բնական տարեշրջանը աւարտելէ ետք, կը կարծուէր, թէ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր եւ Քլիվլենտ Քեվելիրզ հանգիստ ձեւով պիտի յաղթէին իրենց մրցակիցներուն, սակայն փլէյ օֆի մրցումները փաստեցին, թէ ամէն մրցում իր պարագաները ունի եւ որեւէ դէպքէ ետք կրնայ փոխուիլ ամէն ինչ, բան մը, որ կրնայ ազդել մրցումի արդիւնքին վրայ: Երէկ առաւօտեան Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ Քալիֆորնիոյ մէջ կ՛ուղղուէր դէպի պարտութիւն` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ մրցումին,...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Ազուրի` 74-68 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Ազուրի` 74-68 Արդիւնքով

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը հինգշաբթի գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ 74-68 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ազուրը եւ ճակատումներու 2-րդ մրցումին հաւասարեցաւ Ազուրի հետ: ՀՄԸՄ Անթիլիաս լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը եւ տիրապետեց 5-րդ վայրկեանէն ետք, երբ Ազուր 4-11 արդիւնքով յառաջանալէ ետք 28-16 արդիւնքով ետ մնաց ՀՄԸՄ-ի դիմաց: Երկրորդ մասին արդիւնքը գրեթէ մնաց անփոփոխ, եւ պահ մը առաւելութիւնը...

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ – Նուժում

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Նուժում

Վաղը Անսարի դաշտին վրայ ժամը 14:00-ին ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Նուժումի դէմ` Պէյրութի շրջանի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Իրենց առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը 5-2 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրած էին Արզի դէմ, մինչ Նուժում իր առաջին մրցումին 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Անդրանիկի հետ: Համակիրներէն կը սպասուի մեկնիլ Անսարի դաշտ` քաջալերելու տղաքը, որոնք ամէն գնով կը փորձեն...

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաֆա Շուէյֆաթ

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաֆա Շուէյֆաթ

Վաղը յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Պհամտունի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Սաֆա Շուէյֆաթի դէմ, Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին գծով: Ծայր աստիճան կարեւոր է այս մրցումը` նկատի ունենալով, որ Սաֆա Շուէյֆաթ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի նման իր առաջին երկու մրցումներն ալ յաղթած է, եւ ՀՄԸՄ-ի տղոց կը մնայ անպայման յաղթել` գրաւելու խմբակին առաջին դիրքը: Այս մրցումը կրնայ խմբակին ամէնէն կարեւորը ըլլալ,...

«Էն. Պի. Էյ.»  Մինեսոթա Պարտութեան Մատնեց Ուորիըրզը

«Էն. Պի. Էյ.» Մինեսոթա Պարտութեան Մատնեց Ուորիըրզը

Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ Մինիափոլիսի մէջ 117-93 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը, որ կը խաղար առանց Սթեֆ Քըրրիի: Քըրրի, որ վիրաւորուած էր առաջին ճակատումին, մէկ շաբաթ հեռու պիտի մնայ դաշտերէն` յուսալով, որ իր խմբակիցները պայքարին առնուազն մրցում մը եւս յաղթելով մինչեւ իր վերադարձը: Ճուլիըս Ռենտըլ 24 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց իր վերադարձին եւ Մինեսոթայի ճակատումներու արդիւնքը հաւասարեցուց (1-1): Անթոնի...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Տարեշրջանի Չորրորդ «Քլասիքօ»-ն` Վաղը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Տարեշրջանի Չորրորդ «Քլասիքօ»-ն` Վաղը

Եւրոպայի 5 կարեւոր ախոյեանութիւններէն երեքը արդէն իսկ վճռուած են, եւ ախոյեանները` յստակացած: Վաղը Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 35-րդ հանգրուանին, Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը տարեշրջանի երրորդ «Քլասիքօ»-ին: Այս տարեշրջանի նախկին երեք ելոյթները աւարտեցան քաթալաններու խումբին հաշուոյն, մինչ Ռէալ Մատրիտ այս տարի ըստ երեւոյթին առանց որեւէ տիտղոսի պիտի աւարտէ տարեշրջանը: Վերջին անգամ Ռէալ Մատրիտ 2-1 արդիւնքով յաղթած էր Պարսելոնայի դաշտին վրայ 28...

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբ.  Այսօր` Ֆութպոլի 2-րդ Շաբթուան Մրցումները

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի Պասքեթպոլի Աւարտական Խաղերը` Կիրակի, 11 Մայիսին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի 2024-2025 տարեշրջանի պասքեթպոլի մրցաշարքի խաղերը տեղի ունեցան կիրակի, 6 ապրիլ 2025-ին, «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ: Պասքեթպոլի մրցաշարքը արդէն հասած է իր աւարտին: Աւարտական խաղերը տեղի պիտի ունենան կիրակի, 11 մայիս 2025-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ: Խաղերէն ետք տեղի պիտի ունենայ մետալաբաշխութիւն, որուն ընթացքին նաեւ...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Սաժես 102-114

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Սաժես 102-114

Չորեքշաբթի գիշեր «վիրաւոր» ՀՄԸՄ պատուաւոր պարտութիւն մը կրեց Սաժեսէն 102-114 արդիւնքով, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ: Մեծ թիւով համակիրներ ներկայ էին քաջալերելու ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը, որմէ կը բացակայէին սենթըր Եոաթ Ալոք (պատժուած), Կերի Չիւիչեան (վիրաւոր) եւ Պասել Հարֆուշ (վիրաւոր), մինչ Գէորգ Գէորգ վերադարձած էր եւ առաջին անգամ ըլլալով հիմնական կազմէն նկատի առնուած: Մրցումը սկսաւ շատ արագ եւ Սաժես, որ մեծ թիւով...

Ուասլ 2025.  Վաղը Կը Սկսի Ուասլի Ֆայնըլ 8-ը

Ուասլ 2025. Վաղը Կը Սկսի Ուասլի Ֆայնըլ 8-ը

Վաղը «Նուհատ Նաուֆալ» դաշտին վրայ կը սկսին Ուասլի (Ուեսթ Ասիա Սուփըր լիկ) ֆայնըլ 8-ի մրցումները: Անցեալ տարուան ախոյեան Ռիատի մաս կը կազմէ Ա. խմբակին` իրեն հետ ունենալով Ծոցի շրջանի փոխախոյեան Իթթիհատ Ժետտան (Սէուտական Արաբիա), Ղազախստանի ախոյեան Ասթանան, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ասիոյ Գ. դիրքը գրաւած Սաժեսը: Բ. խմբակին մաս կը կազմեն Ծոցի շրջանի ախոյեան Շապապ Ահլի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), Թապիաթ (արեւմտեան...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ».  Փարիզ Սեն Ժերմեն Դուրս Ձգեց Արսենալը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Դուրս Ձգեց Արսենալը

Փարիզ Սեն Ժերմեն հասաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումին` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Արսենալին, յարձակողական մրցումէ մը ետք, Փարք Տը Փրենսի մէջ: Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ երթին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրած էր Լոնտոնի մէջ, անակնկալի մատնուեցաւ, երբ Արսենալ շատ բուռն յարձակումներով սկսաւ: Տեքլան Ռայս 3-րդ վայրկեանին գլխու հարուածով ոսկի առիթ մը կորսնցուց, երբ իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարումա փրկեց Փարիզի բերդը: Առաջին...

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց. Օքլահոմա 87 Կէտ Նշանակեց Ա. Կիսախաղին

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց. Օքլահոմա 87 Կէտ Նշանակեց Ա. Կիսախաղին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի 2024-ի ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս յաջորդաբար իր երկրորդ մրցումը հիւրընկալելով անակնկալ պարտութիւն կրեց Նիւ Եորք Նիքսէն: Պոսթըն Սելթիքս այս տարեշրջանին ձեւով մը «ծուղակի» կը ձգէր իր մրցակիցները տարբեր խաղաոճեր գործածելով եւ հանգիստ յաղթանակներ արձանագրելով, սակայն Նիւ Եորք Նիքս երկու ճակատումներուն ալ մեծ տարբերութեամբ ետ մնալէ ետք յաջողեցաւ յաղթական դուրս գալ: Պոսթըն մինչեւ 20 կէտի ալ հասցուցած էր իր...

Նշմար.  Թիւ 12-ն Կամ Թիւ 6-ը

Նշմար. Թիւ 12-ն Կամ Թիւ 6-ը

ԿԱՐՕ Կ. Ընդհանրական դարձած է ֆութպոլի պարագային, բայց պասքեթպոլի պարագային ալ նոյնն է: Թիւ 12-ն ֆութպոլի մէջ ան չէ, որ կը կրէ թիւ 12 շապիկը, այլ` դաշտին 11 մարզիկներու կողքին կեցող հաւատարիմ համակիրն է: Մենք` իբրեւ ՀՄԸՄ-ական, աւելի հետաքրքրուած էինք ֆութպոլով նախորդ դարու 80-ական կամ 90-ական թուականներուն, մանաւանդ որ անիկա թիւ 1 մարզախաղն էր Լիբանանի մէջ ալ: Օրերը եկան ու...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պարտուեցաւ Առաջին Ճակատումին` 73-69 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պարտուեցաւ Առաջին Ճակատումին` 73-69 Արդիւնքով

Երեքշաբթի օր սկսաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Ազուր ճակատումներու շարքը, ուր ՀՄԸՄ Անթիլիաս յաղթանակը «նուիրեց» Ազուրին, այս վերջինիս դաշտին վրայ: Ազուր չկրցաւ առանձին յաղթել, այլ լաւապէս օգտուեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի սխալներէն: ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ լաւ ձեւով սկսած էր մրցումը եւ կանուխէն յառաջացաւ մրցակիցի դաշտին վրայ: Առաջին մասին 15-26 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, հազիւ 2 վայրկեան ետք առաւելութիւնը 17 կէտի բարձրացաւ (15-32): Կը կարծուէր,...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Եամալ Փայլեցաւ, Բայց Ինթեր Յաղթեց

«Չեմփիընզ Լիկ». Եամալ Փայլեցաւ, Բայց Ինթեր Յաղթեց

Երեքշաբթի գիշեր ֆութպոլի սիրահարներ ականատես եղան ֆութպոլի ճակատումի մը, ուր «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով կը մրցէին Ինթեր Միլան եւ Պարսելոնա: Իտալիոյ ախոյեան Ինթեր Միլան, որ վերջերս լաւ ելոյթներ չէր ունենար եւ «Սերի Ա.»-ի իր առաջին դիրքը կորսնցնելէ ետք դուրս մնացած էր բաժակի մրցաշարքէն ալ, կրցաւ անակնկալի մատնել այս տարուան Եւրոպայի ամէնէն գեղեցիկ ֆութպոլը ցուցադրող Սպանիոյ հսկաներէն Պարսելոնան: Հազիւ շաբաթ մը առաջ,...

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ճունիոր  Կը Հրաւիրուի Փորթուգալի Ազգային Խումբ

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ճունիոր Կը Հրաւիրուի Փորթուգալի Ազգային Խումբ

Նասր ակումբի եւ Փորթուգալի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի անդրանիկ զաւակը` Քրիսթիանօ Ճունիոր, նկատի առնուեցաւ իբրեւ Փորթուգալի ազգային 15 տարեկանէն վար խումբի անդամ: Քրիսթիանօ Ճունիոր, որ 14 տարեկան է, պիտի մասնակցի Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունենալիք Վլատքօ Մարքովիչի անուան միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ 13-էն 18 մայիսին: Այս մրցաշարքին Փորթուգալի կրտսերներու ազգային խումբը պիտի կատարէ չորս մրցումներ` Ճափոնի, Յունաստանի եւ Անգլիոյ...

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ 2-րդ Յաջորդական Պարտութիւնը Կրեց. Պոսթըն – Նիւ Եորք 0-1

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ 2-րդ Յաջորդական Պարտութիւնը Կրեց. Պոսթըն – Նիւ Եորք 0-1

«էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ-օֆի մրցումները շատ տաք ձեւով կ՛ընթանան, ուր խումբեր չնչին արդիւնքով կը գերազանցեն իրար: Երէկ առաւօտ Ինտիանա - Փէյսըրզ անգամ մը եւս կրցաւ յաղթել Արեւելեան շրջանի լաւագոյն խումբին` Քլիվլենտ Քեվելիրզի դաշտին վրայ` 120-119 արդիւնքով: Թայրիս Հալիպըրթըն յաջորդական երրորդ մրցումը ըլլալով փաստեց, թէ ինք ներկայ է եւ պատրաստ խումբին ղեկը առնելու: Անոր 3 կէտնոց կողովին շնորհիւ Ինտիանա մրցումի աւարտէն...

Պէյրութ Մարաթոն.  74 Տարեկան Լեւոն Թաշճեան Գլխաւորեց Մեծ Թիւով  Հայ Մասնակիցներ` Պէյրութ Մարաթոնին

Պէյրութ Մարաթոն. 74 Տարեկան Լեւոն Թաշճեան Գլխաւորեց Մեծ Թիւով Հայ Մասնակիցներ` Պէյրութ Մարաթոնին

ՀՄԸՄ-ական Լեւոն Թաշճեան 74 տարեկանին ամբողջացուց Պէյրութի մարաթոնի մրցումները` գլխաւորելով մեծ թիւով հայ մասնակիցներու շարքը: Մեծ թիւով ՀՄԸՄ-ական տղաք ու աղջիկներ մասնակցեցան Լիբանանէն, ինչպէս նաեւ Աւստրալիայէն Յովիկ Քարլ Մելքոնեան, որ գրաւեց 123-րդ դիրքը ընդհանուր դասաւորման մէջ: 35-էն 39 տարեկաններու մասին մէջ ան գրաւեց 21-րդ դիրքը: 42 քմ երկարութեան մարաթոնին մասնակցեցան եւ զայն աւարտեցին 7 տղաք եւ 3 աղջիկներ` Վանայ Յակոբեան...

«Ֆորմիւլա 1».  Փիասթրի Շահեցաւ Մայեմիի Կրան Փրին

«Ֆորմիւլա 1». Փիասթրի Շահեցաւ Մայեմիի Կրան Փրին

Կիրակի գիշեր «Մաքլարեն»-ի վարորդ Օսքար Փիասթրի շահեցաւ Մայեմիի կրան փրին` բուռն պայքարէ ետք փոլ-փոզիշընը շահած աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափընի հետ: Մրցումը սկսաւ, եւ «Մաքլարեն»-ի վարորդներէն Լանտօ Նորիս, որ Բ. դիրքէն կը սկսէր, պայքարեցաւ Վերշթափընի հետ գրաւելու առաջին դիրքը, բայց առաջին դարձուածքին ճամբէն դուրս շեղելով կորսնցուց քանի մը դիրք: Փիասթրիին մնաց պայքարը, ան մինչեւ 14-րդ շրջան պայքարելէ ետք շնորհիւ իր ինքնաշարժին...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Ինթեր Միլան – Պարսելոնա

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ինթեր Միլան – Պարսելոնա

Այսօր գիշեր Միլանի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականի դարձի առաջին ճակատումը` Ինթեր Միլանի եւ Պարսելոնայի միջեւ: «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան ամէնէն յիշատակելի մրցումներէն մէկն էր երթի մրցումը` Սպանիոյ մէջ, ուր մրցումը վերջ գտած էր 3-3 արդիւնքով, Պարսելոնայի գեղեցիկ յարձակողական ֆութպոլի եւ Ինթերի գեղեցիկ հակայարձակողական ելոյթներուն բերմամբ, հակառակ անոր որ Ինթեր 4-րդ կոլ մըն ալ նշանակած էր շնորհիւ հայազգի Հենրիխ Մխիթարեանի,...

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզ Դուրս Ձգեց Հիուսթընը. Ինտիանա Անակնկալի Բերաւ Քլիվլենտը

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզ Դուրս Ձգեց Հիուսթընը. Ինտիանա Անակնկալի Բերաւ Քլիվլենտը

Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ երէկ առաւօտեան ժամերուն եղաւ վերջին խումբը, որ կը հասնի Արեւմտեան շրջանի կիսաւարտական: Այժմ «Էն. Պի. Էյ.»-ի քառորդ աւարտականը յստակացած է, եւ 2 շրջաններու կիսաւարտականի ճակատումները կը սկսին: Հիուսթընի մէջ, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ դժուար մրցում մը կը սպասէր ունենալ Ռոքեթցի դէմ, բայց սկիզբէն իսկ Սթեֆ Քըրրի - Պատի Հիլտ զոյգը հանգիստ ձեւով առաւելութիւն ունեցաւ եւ այդ առաւելութիւնը պահեց...

Page 124 of 1275 1 … 123 124 125 … 1,275

Արխիւներ