Երեքշաբթի գիշեր ֆութպոլի սիրահարներ ականատես եղան ֆութպոլի ճակատումի մը, ուր «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով կը մրցէին Ինթեր Միլան եւ Պարսելոնա:
Իտալիոյ ախոյեան Ինթեր Միլան, որ վերջերս լաւ ելոյթներ չէր ունենար եւ «Սերի Ա.»-ի իր առաջին դիրքը կորսնցնելէ ետք դուրս մնացած էր բաժակի մրցաշարքէն ալ, կրցաւ անակնկալի մատնել այս տարուան Եւրոպայի ամէնէն գեղեցիկ ֆութպոլը ցուցադրող Սպանիոյ հսկաներէն Պարսելոնան:
Հազիւ շաբաթ մը առաջ, Քաթալոնիոյ մէջ, Պարսելոնա, հակառակ տիրապետելուն, չէր կրցած յաղթել Ինթերին եւ 3-3 արդիւնքով աւարտած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան անմոռանալի մրցումներէն մէկը: Երեքշաբթի օր, Միլանոյի մէջ մրցումին պատկերը գրեթէ նոյնն էր: Գեղեցիկ կոլեր, Ինթեր 2-0 արդիւնքով յառաջացած առաջին կիսախաղին, բայց Պարսելոնա գրեթէ ամբողջութեամբ տիրապետեց Բ. կիսախաղին եւ 3-2 արդիւնքով յառաջացաւ 87-րդ վայրկեանին, բայց Ինթեր բնաւ չկորսնցուց ինքզինք եւ կրցաւ հաւասարիլ 93-րդ վայրկեանին կեդրոնի պաշտպան Ֆրանչեսքօ Աչերպիի շնորհիւ, որ 37 տարեկանին իր դիրքը լքելով յառաջացած էր… նշանակելու Ինթերի «յոյս»-ի կոլը:
Այս կոլէն ակնթարթ մը առաջ Եամալի կորսնցուցած առիթը «սուղ»-ի նայեցաւ, մանաւանդ որ երկարաձգումին Ինթեր կոլ մը եւս նշանակեց շնորհիւ Տաւիտէ Ֆրաթեզիի, որ 80-րդ վայրկեանին փոխարինած էր հայազգի Հենրիխ Մխիթարեանը: Մխիթարեան իր կարգին շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ, բայց 68-րդ վայրկեանին քիչ մը կարծր թաքըլէ մը ետք` Եամալի վրայ, դեղին քարտ ստացաւ: Նոյն թաքըլը փենալթի սուլած էր իրաւարարը, սակայն ՎԱՐ-ի իրաւարարները նկատեցին, թէ Մխիթարեանի թաքըլը քառակուսիէն քանի մը սանթիմեթր դուրս էր:
Եամալ, որ միշտ ալ կը վտանգէր Ինթերի ձախ կողմը, գրեթէ անզսպելի էր, բայց պէտք է ըսել, որ իր խմբակիցները նոյնքան յաջող ելոյթ չունեցան մանաւանդ Ինթերի զուիցերիացի բերդապահ Եան Զոմըրի բերդը գրաւելու համար: Զոմըր առնուազն 7 ստոյգ կոլերէ ետք Ինթերի բերդը` ընտրուելով մրցումի լաւագոյն մարզիկը, եւ ան 2 անգամ զսպեց Եամին Եամալի հարուածները:
Այս ձեւով Պարսելոնա ձախողեցաւ հասնիլ աւարտական, ուր 2015-էն ի վեր ձախողած է հասնիլ, մինչ Ինթեր իր պատմութեան մէջ 7-րդ անգամ ըլլալով հասաւ աւարտական: Ինթեր 3 առիթով դարձած է տիտղոսակիր` 1964-էն եւ 1965-էն ետք վերջին անգամ 2010-ին պարտութեան մատնելէ ետք Պայերն Միւնիխը: Նախապէս 1967-ին (Սելթիքի դէմ), 1972-ին (Այաքսի դէմ) եւ 2023-ին (Մանչեսթըր Սիթիի դէմ) Ինթեր հասած էր աւարտական:


