«էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ-օֆի մրցումները շատ տաք ձեւով կ՛ընթանան, ուր խումբեր չնչին արդիւնքով կը գերազանցեն իրար:
Երէկ առաւօտ Ինտիանա – Փէյսըրզ անգամ մը եւս կրցաւ յաղթել Արեւելեան շրջանի լաւագոյն խումբին` Քլիվլենտ Քեվելիրզի դաշտին վրայ` 120-119 արդիւնքով:
Թայրիս Հալիպըրթըն յաջորդական երրորդ մրցումը ըլլալով փաստեց, թէ ինք ներկայ է եւ պատրաստ խումբին ղեկը առնելու: Անոր 3 կէտնոց կողովին շնորհիւ Ինտիանա մրցումի աւարտէն 1,1 երկվայրկեան առաջ կրցաւ յաղթել: Քլիվլենտ, որ 20 կէտի առաւելութիւն ունէր պահ մը, վերջին 48 երկվայրկեաններուն չկրցաւ կէտ նշանակել, մինչ Ինտիանա 8 կէտ նշանակեց` մեծ քայլ մը առնելով դէպի Արեւելեան շրջանի աւարտական:
Այժմ 2 յաջորդական մրցումներ ունի Ինտիանա իր դաշտին վրայ եւ պիտի փորձէ առնուազն մէկը շահիլ` աւելի կանուխ հասնելու աւարտական, աւելի հանգիստ ընելու համար:
Քլիվլենտ վատ մրցում չունեցաւ, բայց իր ամբողջական կարողութիւնը չունէր ղեկավարելու մրցումը, մանաւանդ առանց Տարիըս Կարլենտի, Տէանտրէ Հանթըրի եւ Էվըն Մոպլիի, որոնք չմասնակցեցան այս մրցումին: Տոնավըն Միչել 48 կէտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Մաքս Սթրաս (23 կէտ) եւ Ճերըթ Էլըն (22 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) իրենց կարելին ըրին, սակայն ատիկա բաւարար չեղաւ յաղթելու Ինտիանայի:
Ինտիանայէն առաւելագոյն կէտերը նշանակեցին Արոն Նեսմիթ եւ Մայլզ Թըրնըր (25 կէտ):
Երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ մրցումը, ուր Ուորիըրզ, հակառակ Սթեֆ Քըրիի վիրաւորուելուն, կրցաւ յաղթել 99-88 արդիւնքով:
Ճամի Պաթլըր 20 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Կոլտըն Սթէյթի, որ Մինեսոթայի մէջ կրցաւ յաղթանակ տանիլ: Անթոնի Էտուըրտծ 23 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մինեսոթայի, որ շատ «պաղ» մրցում մը ունեցաւ: Պատի Հիլտ 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, մինչ Տրէյմընտ Կրին 4 յաջող 3 կէտնոց կողովներ աւելցուց ի նպաստ Սթեֆ Քըրրիի, որ մօտ 13 վայրկեան խաղցաւ, բայց սրունքի ետեւի մկանը բռնած հեռացաւ դաշտէն:
Օր մը առաջ տեղի ունեցած էին զոյգ մը «տաք» մրցումներ, որոնց ընթացքին անակնկալ արդիւնքներով ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս իր դաշտին մէջ 105-108 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Նիւ Եորք Նիքսէն:
Մրցումը աւարտած էր հաւասարութեամբ 100 կէտի վրայ, բայց Պոսթըն, որ մրցումի առաջին կիսախաղին 20 կէտի առաւելութիւն ունէր, միայն 5 կէտ կրցաւ նշանակել 5 վայրկեաններու ընթացքին, մինչ Նիւ Եորք 8 կէտ նշանակելով յաղթեց:
Անակնկալ էր նաեւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի պարտութիւնը` 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթցէն:
Օքլահոմա, որ այս տարեշրջանի լաւագոյն խումբն էր, մրցումը կորսնցուց աւարտէն 2,8 երկվայրկեան առաջ, երբ Արոն Կորտընի 3 կէտնոց կողովը յաղթանակը նուիրեց Տենվըրի` 121-119 արդիւնքով:
Նիքոլա Եոքիչ 42 կէտ եւ 22 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Օքլահոմայի դէմ, որ 14 կէտի առաւելութիւն ունէր առաջին կիսախաղին:
Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր 33 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Օքլահոմայի: