Նասր ակումբի եւ Փորթուգալի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի անդրանիկ զաւակը` Քրիսթիանօ Ճունիոր, նկատի առնուեցաւ իբրեւ Փորթուգալի ազգային 15 տարեկանէն վար խումբի անդամ:
Քրիսթիանօ Ճունիոր, որ 14 տարեկան է, պիտի մասնակցի Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունենալիք Վլատքօ Մարքովիչի անուան միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ 13-էն 18 մայիսին:
Այս մրցաշարքին Փորթուգալի կրտսերներու ազգային խումբը պիտի կատարէ չորս մրցումներ` Ճափոնի, Յունաստանի եւ Անգլիոյ խումբերուն դէմ: Չորրորդ մրցակիցը կը յստականայ աւելի ուշ:
Նշենք, որ Քրիսթիանօ Ճունիոր մաս կը կազմէ Նասրի կրտսերներու խումբին: