Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Դուրս Ձգեց Արսենալը

May 9, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փարիզ Սեն Ժերմեն հասաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումին` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Արսենալին, յարձակողական մրցումէ մը ետք, Փարք Տը Փրենսի մէջ:

Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ երթին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրած էր Լոնտոնի մէջ, անակնկալի մատնուեցաւ, երբ Արսենալ շատ բուռն յարձակումներով սկսաւ:

Տեքլան Ռայս 3-րդ վայրկեանին գլխու հարուածով ոսկի առիթ մը կորսնցուց, երբ իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարումա փրկեց Փարիզի բերդը:

Առաջին 3 վայրկեաններուն, Արսենալ վտանգաւոր առիթներ ստեղծեց շնորհիւ Մարթին Օտըկարտի եւ Կապրիէլ Մարթինելլիի:

Արսենալի կորսնցուցած այս առիթները անշուշտ «սուղ»-ի նայեցաւ, երբ Փարիզ Սեն Ժերմեն նշանակեց առաջին կոլը 27-րդ վայրկեանին` շնորհիւ սպանացի Ֆապիեն Ռուիսի ռմբային հարուածին:

Երկու կողմէն յարձակումներով մրցումը առիթներով հարուստ էր, եւ Արսենալի բերդապահ Տաւիտ Ռայա պահեց Արսենալի յոյսերը, զսպելով Վիթինիայի փենալթին, երբ ՎԱՐ-ը նկատեց, որ գնդակը դպած է Մայլզ Լուիս-Սքելիի ձեռքին:

Սակայն ամէն ինչ աւարտեցաւ, երբ Աշրաֆ Հաքիմի քառակուսիին ծայրէն նշանակեց փարիզեան կազմին երկրորդ կոլը:

Պուքայօ Սաքա կոլ մը նշանակեց 4 վայրկեան ետք, բայց նոյնինքն Սաքայի 80-րդ վայրկեանին առիթ մը կորսնցնելէն ետք, Արսենալի յոյսերը հեռացան աւարտական մրցումէն:

Մրցումը վերջ գտաւ 2-1 արդիւնքով, ուր Փարիզ Սեն Ժերմեն իր պատմութեան ընթացքին 2-րդ անգամը ըլլալով հասաւ աւարտական: 2020-ին Փարիզ Սեն Ժերմեն հասած էր աւարտական եւ 1-0 արդիւնքով պարտուած` Պայերն Միւնիխէն:

Այս տարեշրջանի աւարտականը տեղի պիտի ունենայ 31 մայիսին Միւնիխի «Ալիանց Արենա»-ին մէջ, ուր Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի փորձէ առաջին անգամ ըլլալով դառնալ ախոյեան, մինչ Ինթեր պիտի փորձէ 4-րդ տիտղոսը շահիլ:

 

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց. Օքլահոմա 87 Կէտ Նշանակեց Ա. Կիսախաղին

Յաջորդը

Ուասլ 2025. Վաղը Կը Սկսի Ուասլի Ֆայնըլ 8-ը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.