Եւրոպայի 5 կարեւոր ախոյեանութիւններէն երեքը արդէն իսկ վճռուած են, եւ ախոյեանները` յստակացած:
Վաղը Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 35-րդ հանգրուանին, Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը տարեշրջանի երրորդ «Քլասիքօ»-ին:
Այս տարեշրջանի նախկին երեք ելոյթները աւարտեցան քաթալաններու խումբին հաշուոյն, մինչ Ռէալ Մատրիտ այս տարի ըստ երեւոյթին առանց որեւէ տիտղոսի պիտի աւարտէ տարեշրջանը:
Վերջին անգամ Ռէալ Մատրիտ 2-1 արդիւնքով յաղթած էր Պարսելոնայի դաշտին վրայ 28 հոկտեմբեր 2023-ին` մօտ 19 ամիս առաջ, որմէ ետք 5-էն երեք «Քլասիքօ»-ները աւարտեցան ի նպաստ Պարսելոնայի:
Աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար յայտնենք, որ Ռէալ Մատրիտ վերջին անգամ 13 ամիսներ առաջ կրցած է յաղթել Պարսային:
Գերբաժակ, ախոյեանութիւն եւ «Քոփա Տէլ Ռէյ» մրցաշարքերուն միշտ ալ Պարսելոնա յաղթեց` 12 կոլ նշանակելով Ռէալի բերդին մէջ:
4 կէտեր կը բաժնեն խումբերը իրարմէ, եւ մնացեալ 4 մրցումներուն դժուար թէ Ռէալ Մատրիտ հասնի Պարսելոնային, անշուշտ եթէ անակնկալ արդիւնք չարձանագրէ վաղը:
Իտալիոյ մէջ, «Սերի Ա.»-ի ախոյեանութիւնը շատ տաք վիճակի մէջ է, եւ Նափոլի, մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէի գլխաւորութեամբ, երկու շաբաթ առաջ վերագրաւեց առաջին դիրքը եւ 3 կէտի առաւելութիւն ունի Ինթեր Միլանի վրայ, որ երեք ճակատի վրայ կը պայքարէր` «Սերի Ա.», Իտալիոյ բաժակ եւ «Չեմփիընզ լիկ»:
Ինթեր մնաց «Չեմփիընզ լիկ»-ի պայքարին, ուր հասաւ աւարտական, մինչ դուրս մնաց բաժակի մրցաշարքէն եւ կորսնցուց պարագլուխի դիրքը:
Վաղը Ինթեր Թորինոյի մէջ դժուար մրցում ունի կատարելիք 11-րդ դիրքը գրաւող մրցակիցին դէմ, մինչ Նափոլի կը հիւրընկալէ 13-րդ դիրքը գրաւող Ճենովան:
3 կէտեր կը բաժնեն Նափոլին (առաջին) եւ Ինթերը:
Գերմանիոյ մէջ Պայերն Միւնիխ իր 34-րդ ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալը պիտի տօնէ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախը հիւրընկալելով իր «Ալիանց Արենա» դաշտին վրայ:
Անցեալ կիրակի Լեւերքուզըն չէր կրցած յաղթել Ֆրայպուրկին` պատճառ դառնալով, որ Պայերն ախոյեանութեան տիրանայ:
Թոմաս Միւլըր իր վերջին ելոյթը պիտի ունենայ Պայերնի դաշտին վրայ` վերջ տալով իր 25 տարուան երազային ասպարէզին` ակումբին հետ, իր պատանեկան օրերէն: Ան 13 անգամ ախոյեան դարձած է Պայերնի հետ:
Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի պայքարը եւրոպական բաժակներու դիրքերու համար է` Արսենալի, Մանչեսթըր Սիթիի, Նիւքեսըլի, Չելսիի, Նոթինկհամ Ֆորեսթի եւ Ասթոն Վիլայի միջեւ:
Ստորեւ` Սպանիոյ 35-րդ հանգրուանի մրցումները.
Վալենսիա – Խեթաֆէ
Սելթա Վիկօ – Սեւիլիա
Ժիրոնա – Վիարէալ
Մայորքա – Վայատոլիտ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ռէալ Սոսիետատ
ՎԱՂԸ
Լեղանես – Էսփանիոլ
Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ
Աթլեթիքօ Պիլպաօ – Ալավես
Պեթիս – Օսասունա
Ստորեւ` «Սերի Ա.»-ի 36-րդ հանգրուանի մրցումները.
Քոմօ – Քալիարի
Լացիօ Ռոմա – Եուվենթուս
Էմփոլի – Փարմա
ՎԱՂԸ
Ուտինեզէ – Մոնցա
Վերոնա – Լեչէ
Թորինօ – Ինթեր Միլան
Նափոլի – Ճենովա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Վենեցիա – Ֆիորենթինա
Աթալանթա – Ա. Էս. Ռոմա
Ստորեւ` «Պունտըսլիկա»-ի 33-րդ հանգրուանի մրցումները.
Վերտըր Պրեմըն – Ռետ Պուլ Լայփցիկ
Ունիոն Պերլին – Հայտընհայմ
Պոխում – Մայնց
Հոլշթայն Քիլ – Ֆրայպուրկ
Պայերն Միւնիխ – Մէօնշընկլատպախ
ՎԱՂԸ
Պայեր Լեւերքուզըն – Տորթմունտ
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ – Զանքթ Փաուլի
Շթութկարթ – Աուկզպուրկ
Ստորեւ` «Փրեմիեր լիկ»-ի 36-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Ֆուլհամ – Էվըրթըն
Իփսուիչ – Պրենթֆորտ
Սաութհեմփթըն – Մանչեսթըր Սիթի
Վուլվզ – Պրայթըն
Պորնմաութ – Ասթոն Վիլա
ՎԱՂԸ
Նիւքեսըլ – Չելսի
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ուեսթ Համ
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Լեսթըր Սիթի
Թոթենհամ – Քրիսթըլ Փելես
Լիվըրփուլ – Արսենալ
Ստորեւ` «Լիկ 1»-ի 33-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Ռենս – Սենթ Էթիեն
Օքսեռ – Նանթ
Անժէ – Սթրազպուրկ
Լը Հաւր – Մարսէյ
Ռենն – Նիս
Մոնփելիէ – Փարիզ Սեն Ժերմեն
Թուլուզ – Լանս
Պրեսթ – Լիլ
Մոնաքօ – Լիոն