Բնական տարեշրջանը աւարտելէ ետք, կը կարծուէր, թէ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր եւ Քլիվլենտ Քեվելիրզ հանգիստ ձեւով պիտի յաղթէին իրենց մրցակիցներուն, սակայն փլէյ օֆի մրցումները փաստեցին, թէ ամէն մրցում իր պարագաները ունի եւ որեւէ դէպքէ ետք կրնայ փոխուիլ ամէն ինչ, բան մը, որ կրնայ ազդել մրցումի արդիւնքին վրայ:
Երէկ առաւօտեան Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ Քալիֆորնիոյ մէջ կ՛ուղղուէր դէպի պարտութիւն` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ մրցումին, սակայն ան վերջին մասին ոչ միայն 6 կէտով ետ մնալը յաղթանակի վերածեց, այլեւ ճակատումներու մրցումներու հաշուով 2-1 արդիւնքով յառաջացաւ:
Կը կարծուէր, որ Կոլտըն Սթէյթ իր համակիրներուն ներկայութեան, հակառակ Սթեֆ Քըրրիի բացակայութեան պիտի յաղթէր, բայց Անթոնի Էտուըրտծ (36 կէտ) եւ Ճուլիըս Ռենտըլ (24 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ) հերոսացան` վերջին մասին 33-24 արդիւնքով առաջ անցնելով եւ 102-97 արդիւնքով յաղթելով: Ճիմի Պաթլըր 33 կէտ նշանակեց, բայց Կոլտըն Սթէյթ, որ մէկ մրցում կրցած էր Մինիափոլիսի մէջ յաղթել (առաջին ճակատումը), այժմ պէտք է յաղթէ իր յաջորդ մրցումին (վաղը)` իր դաշտին վրայ:
Տենվըր Նակեթց Քոլորատոյի մէջ կրցաւ յաղթանակ մը արձանագրել բնական ախոյեանութեան լաւագոյն արդիւնքներ ձեռք ձգած Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի դէմ 113-104 արդիւնքով եւ իր կարգին յառաջացաւ 2-1 ճակատումներու արդիւնքով:
Ճամալ Մարէյ (27 կէտ), Արոն Կորտըն (22 կէտ), Մայքըլ Փորթըր (21 կէտ) եւ Նիքոլա Եոքիչ (20 կէտ եւ 16 ռիպաունտ) 5-րդ անգամ ըլլալով այս եղանակին 20 կէտերէ աւելի նշանակեցին նոյն մրցումին, նոյն պահուն լաւ ձեւով պաշտպանելով Օքլահոմայի դէմ, կարելի եղածին չափ զսպելով Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտրը, որ 18 կէտ կրցաւ նշանակել:
Բայց պէտք է ընդունիլ, որ Օքլահոմայի մարզիկները մեծ թիւով 3 կէտնոց կողովներ կորսնցուցին` նշանակելով 9 հատ… 35 փորձերէն:
Տենվըր 16 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց 40 փորձերէն: Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր դաշտին վրայ 2 յաջորդական պարտութիւններ կրելէ ետք քիչ մը աւելի լաւ էր եւ կրցաւ ինքզինք գտնել` 126-104 արդիւնքով յաղթելով Ինտիանա Փէյսըրզին, այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Տոնավըն Միչել 43 կէտ նշանակեց, մինչ Էվըն Մոպլիի (18 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) եւ Տարիըս Կարլենտի (10 կէտ) վերադարձը բաւական դեր ունեցաւ զսպելու Ինտիանան:
Նոյն վիճակին մէջ կը գտնուէր անցեալ տարուան ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս, որ չնչին տարբերութիւններով պարտուած էր իր դաշտին վրայ` Նիւ Եորք Նիքսէն: Շաբաթավերջին, Պոսթըն կրցաւ յաղթել Նիւ Եորքին, Մետիսըն Սքուեր Կարտընի մէջ, 115-93 արդիւնքով:
Պոսթըն օգտագործեց իր 3 կէտերու «ուժ»-ը եւ 20 յաջող կողովներ նշանակեց 40 փորձերէն, մինչ Նիւ Եորք 5 յաջող կողովներ կրցաւ նշանակել միայն 3 կէտնոց սահմանէն:
Այժմ երկու շրջաններուն մէջ ալ ծայր աստիճան հաւասարակշռուած մրցումներ տեղի կ՛ունենան:
Արեւելեան շրջանին մէջ, թիւ 1 դասուած Քլիվլենտ 2-1 արդիւնքով ետ կը մնայ Ինտիանայէն (թիւ 4), եւ թիւ 2 դասուած Պոսթըն 2-1 արդիւնքով ետ կը մնայ Նիւ Եորքէն:
Արեւմտեան շրջանին մէջ թիւ 1 դասուած Օքլահոմա 2-1 արդիւնքով ետ կը մնայ Տենվըրէն, մինչ թիւ 6 դասուած Մինեսոթա 2-1 արդիւնքով յառաջացած է թիւ 7 դասուած Կոլտըն Սթէյթի դէմ ճակատումին: