Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզ Դուրս Ձգեց Հիուսթընը. Ինտիանա Անակնկալի Բերաւ Քլիվլենտը

May 6, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ երէկ առաւօտեան ժամերուն եղաւ վերջին խումբը, որ կը հասնի Արեւմտեան շրջանի կիսաւարտական:

Այժմ «Էն. Պի. Էյ.»-ի քառորդ աւարտականը յստակացած է, եւ 2 շրջաններու կիսաւարտականի ճակատումները կը սկսին:

Հիուսթընի մէջ, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ դժուար մրցում մը կը սպասէր ունենալ Ռոքեթցի դէմ, բայց սկիզբէն իսկ Սթեֆ Քըրրի – Պատի Հիլտ զոյգը հանգիստ ձեւով առաւելութիւն ունեցաւ եւ այդ առաւելութիւնը պահեց մինչեւ աւարտ, հակառակ Ռոքեթցի ամէն փորձերուն:

Հիլտ 9 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` ընդամէնը 33 կէտ նշանակելով Հիուսթընի կողովին մէջ, մինչ Սթեֆ Քըրրի իր 22 կէտերէն 14-ը ձեռք ձգեց 4-րդ մասին, ճիշդ այն պահուն, երբ Հիուսթըն 3-րդ մասէն կը փորձէր մօտենալ Կոլտըն Սթէյթի:

Թիւ 7 դասուած Կոլտըն Սթէյթ 7-րդ խումբը եղաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ, որ կը հասնի կիսաւարտական` 5-րդ անգամ ըլլալով դուրս ձգելով Հիուսթըն Ռոքեթցը: Անոնք 2015-էն 2019 4 անգամ դուրս ձգուած էին այդ օրերուն Ճէյմս Հարտընի Ռոքեթցը: Այդ օրերու Հիուսթընի մարզիկներէն ոչ մէկը ներկայ է խումբին հետ, եւ 7-րդ մրցումէն առաջ Ֆրետ Վանվլիթ ըսած էր, թէ մենք այդ խումբը չենք եւ պիտի յաղթենք այս տարի:

Էյմըն Թոմփսըն 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Հիուսթընի, որ 3-1 ճակատումներով ետ մնալէ ետք յաջողած էր 3-3 արդիւնքով հաւասարիլ, սակայն 7-րդ մրցումին չկրցաւ իր դաշտին վրայ յաղթանակ մը եւս արձանագրել:

Կոլտըն Սթէյթ բուռն պայքար ունի մղելիք Մինեսոթայի դէմ, որ շատ «կարծր» պաշտպանողական խումբ մըն է:

Արեւելեան շրջանի լաւագոյն խումբը` Քլիվլենտ Քեվելիրզ, որ 4-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր Մայեմի Հիթը, երէկ հիւրընկալեց Ինտիանա Փէյսըրզը եւ անակնկալ պարտութեամբ սկսաւ:

Թայրիս Հալիպըրթըն, որ շատերուն համար «չափազանցուած» (օվըր-ռէյթըտ) աստղ մըն էր, երէկ փաստեց, թէ իրապէս աստղ է եւ իր խումբը առաջնորդեց 22 կէտով եւ 13 էսիսթներով, միեւնոյն ժամանակ լաւ ձեւով պաշտպանելով Ինտիանայի կողովը:

Քլիվլենտ 102-101 արդիւնքով յառաջացաւ Մաքս Սթրասի ազատ հարուածներէն ետք, սակայն Հալիպըրթընի 3 կէտնոց կողովը ետ մղեց Ինտիանայի յարձակումները: Վերջինս 15-4 յաջորդական կողովներ նշանակեց:

Էնտրու Նեմպհարտ 23 կէտ նշանակեց եւ իր 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներէն 3-ը նշանակեց վերջին 4 վայրկեաններուն, երբ Ինտիանա վճռեց ճակատումը:

Տոնսվըն Միչել 33 կէտ նշանակեց, բայց նոյնիսկ Էվըն Մոպլիի տապըլ տապըլը (20 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) բաւարար չէր հիւանդ Տարիըս Կարլենտի բացակայութեան:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Ձեռնարկներ Եւ Նախաձեռնութիւններ

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ինթեր Միլան – Պարսելոնա

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.