Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Թիւ 12-ն Կամ Թիւ 6-ը

May 8, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Կ.

Ընդհանրական դարձած է ֆութպոլի պարագային, բայց պասքեթպոլի պարագային ալ նոյնն է: Թիւ 12-ն ֆութպոլի մէջ ան չէ, որ կը կրէ թիւ 12 շապիկը, այլ` դաշտին 11 մարզիկներու կողքին կեցող հաւատարիմ համակիրն է:

Մենք` իբրեւ ՀՄԸՄ-ական, աւելի հետաքրքրուած էինք ֆութպոլով նախորդ դարու 80-ական կամ 90-ական թուականներուն, մանաւանդ որ անիկա թիւ 1 մարզախաղն էր Լիբանանի մէջ ալ:

Օրերը եկան ու գացին եւ այդ մէկը պարզապէս յիշատակ դարձաւ, վիտէոներու կամ նկարներու մէջ մնաց, եւ այս օրուան պատանիները չեն տեսած կամ ականատես չեն եղած այդ բոլորին:

Այդ ալ ըսեմ, որ լիբանանեան ֆութպոլի քայքայումի պատճառը 1990-ականներու ֆութպոլի ֆետերասիոնն էր, որ բռնի ուժով կողմնակցութիւն կ՛ընէր յօգուտ արդէն իսկ զօրաւոր Անսարին` առիթ չտալով միւս խումբերուն, որ մրցակցին: Այս մօտեցումէն ամէնէն աւելի տուժեցին քրիստոնէական խումբերու համակիրները, որոնց խումբերը 2000 թուականէն ետք որոշեցին անիմաստ դրամ չծախսել եւ հետզհետէ մեկնեցան ուժեղացնելու պասքեթպոլը:

ՀՄԸՄ իր կարգին սկսաւ զօրացնել պասքեթպոլի խումբը, խումբը Բ. դասակարգէն բարձրացաւ եւ 2018-ին դարձաւ Լիբանանի ախոյեան:

Ճիշդ է, որ քայլ պահելը դժուար էր Ռիատիի, Սաժեսի, Պէյրութի կամ Շանվիլի ծախսած միլիոններուն հետ, բայց պատասխանատուները կը փորձեն քիչ պիւտճէով պահել պայքարող խումբ մը:

Հոս մեծ դերը համակիրներուն վստահուեցաւ: Թիւ 6 մարզիկին` համակիրին շնորհիւ տեսանք, թէ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը որքա՛ն լաւ պասքեթպոլ կրցաւ ցուցաբերել շաբաթ գիշեր` Պէյրութի դէմ:

Չար բախտը միշտ ներկայ էր… Քանի մը օր առաջ, Գէորգ Գէորգ, որ պահեստի աթոռներուն վրայ շատ քիչ առիթ կ՛ունենար դաշտ ներկայանալու, մեկնեցաւ Հալէպ` միանալու ՀՄԸՄ Հալէպին, բայց… Կերի Չիւիչեանի վիրաւորուիլը, ապա Պէյրութի դէմ մրցումին սենթըր Եոաթ Ալոքի վտարումը, ինչպէս նաեւ Պասել Հարֆուշի վիրաւորուիլը անել կացութեան մատնեցին խումբը, մարզիչ Ճօ Մոժաէսի գործը աւելի դժուարացաւ: Պահեստի աթոռներուն վրայ կային Փիթըր Տեքերմէնճեան, Ժոզեֆ Խուրի, Ճէյսըն Սուֆան եւ Մարք Քայյալ, որոնք անմիջապէս դարձան հիմնական մարզիկներ վիրաւորներու փոխարէն: Այդ պահեստի մարզիկները պէտք ունէին քաջալերանքի` թիւ 6-էն, որուն անընդհատ քաջալերանքին շնորհիւ հիմնական մարզիկները փոխարինածները բաւական լաւ ձեւով կրցան խաղալ եւ 18 կէտով ետ մնալէ ետք կրցան հասնիլ Պէյրութի, եւ եթէ Ճորտընի 3 կէտնոց վերջին գնդակը մտնէր, ՀՄԸՄ նոյնիսկ կրնար յաղթել: Բայց իրականութեան մէջ յաղթանակ էր այդ մէկը թէ՛ մարզիկներուն համար, թէ՛ ալ համակիրներուն համար, որոնք իրենց գլուխները բարձր տուն մեկնեցան:

Մարզական աշխարհը իրար կապուած է: Եթէ համակիրները լաւ ձեւով ոգեւորեն եւ քաջալերեն խումբը, Բ. դասակարգի մարզիկներն ալ իրենց կարողութենէն աւելի կրնան տալ:

Հոս է կարեւորութիւնը թիւ 6-ին (պասքեթպոլի պարագային): Պէտք չունինք նախանձելու Սաժեսի կամ Ռիատիի համակիրներուն, երբ ունինք համակիրներ, որոնք «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը վերածած էին տօնակատարութեան: Մթնոլորտը կը նմանէր 2017 կամ 2018 տարիներուն, երբ դաշտը կ՛ողողուէր համակիրներով: Թերեւս նոյնքան չէ թիւը համակիրներուն, բայց կարեւորը որակն է եւ քաջալերանքի ընթացքը:

 

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պարտուեցաւ Առաջին Ճակատումին` 73-69 Արդիւնքով

Յաջորդը

Մոսկուա. «ՕԹԱՆ-ը Կը Շարունակէ Հարաւային Կովկասի Երկիրները Իր Ազդեցութեան Գօտի Ներքաշելու Ընթացքը»

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.