Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Ազուրի` 74-68 Արդիւնքով

May 10, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը հինգշաբթի գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ 74-68 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ազուրը եւ ճակատումներու 2-րդ մրցումին հաւասարեցաւ Ազուրի հետ:

ՀՄԸՄ Անթիլիաս լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը եւ տիրապետեց 5-րդ վայրկեանէն ետք, երբ Ազուր 4-11 արդիւնքով յառաջանալէ ետք 28-16 արդիւնքով ետ մնաց ՀՄԸՄ-ի դիմաց:

Երկրորդ մասին արդիւնքը գրեթէ մնաց անփոփոխ, եւ պահ մը առաւելութիւնը 14 կէտի հասնելէ ետք Ազուր վերադարձաւ, մինչեւ կիսախաղ 10-ի նուազեցնելով տարբերութիւնը (42-32):

Կիսախաղի դադարէն ետք, ՀՄԸՄ շարունակեց իր յառաջխաղացքը եւ 17 կէտի ալ հասցուց իր առաւելութիւնը, պահ մը 5 կէտի հասնելէ ետք:

Այս մասը աւարտեցաւ 62-47 արդիւնքով, մինչ 4-րդ մասին մրցումին վիճակը գրեթէ մնաց անփոփոխ, ուր ՀՄԸՄ կը փորձէր ֆաուլեր շահիլ մրցակիցէն եւ վատնել ամբողջ 24 երկվայրկեանները: Ազուր փորձեց ճնշել, բայց ՀՄԸՄ Անթիլիաս վերստին կը հեռանար:

Վերջին 3 վայրկեաններուն 6 կէտի հասցնելէ ետք տարբերութիւնը, Ազուր կը յուսար ՀՄԸՄ-ի դաշտին վրայ անակնկալ գործել, բայց ՀՄԸՄ-ի մարզիկները անմիջապէս 10-ի բարձրացուցին տարբերութիւնը: Աւարտէն կէս վայրկեան առաջ 5 կէտի նուազեցնելէ ետք տարբերութիւնը ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ազուր փոխանակուեցան կողովներ, եւ ՀՄԸՄ 74-68 արդիւնքով յաղթեց` 2 օր առաջ երկարաձգման պարտութիւն կրած (73-69) մրցումը ջնջելով:

3-րդ մրցումին, այսօր` ժամը 20:00-ին, Լուէյզիի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս յաղթանակ մը արձանագրելով կրնայ երկուշաբթի օր Մըզհերի մէջ աւարտել կիսաւարտականի ճակատումները: Յոյսով, որ պայքարի բարձր ոգին մնայ դաշտին վրայ, եւ ֆաուլերուն ուշադրութիւն ընելով մանաւանդ Բ. կիսախաղին լաւ ելոյթ ունենան մեր աղջիկները այս գիշեր:

ՀՄԸՄ Անթիլիասի լաւագոյն մարզիկն էր Ճիլիըն Արչըր, որ նշանակեց 22 կէտ 12 ռիպաունտի կողքին, մինչ Մարթա Պըրս 25 կէտ նշանակեց, իսկ Տանիելլա Ֆայյատ` 10 կէտ Կապի Սաատ` 8 կէտ: Փաթիլ Ասատուրեան 4 կէտ նշանակեց, Փերլա Պու Նասր` 3 կէտ, իսկ Նարինէ Կէօքճեան` 2 կէտ:

Նշենք, որ Ռիատի իր առաջին երկու ճակատումներուն ալ յաղթած էր Պէյրութ Ֆըրսթի:

 

 

Նախորդը

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Նուժում

Յաջորդը

Քելլոկ. «Փութին Ուքրանիոյ Մէջ Զինադադարի Հաստատման Հիմնական Խոչընդոտն Է»

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.