Այսօր գիշեր Միլանի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականի դարձի առաջին ճակատումը` Ինթեր Միլանի եւ Պարսելոնայի միջեւ:
«Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան ամէնէն յիշատակելի մրցումներէն մէկն էր երթի մրցումը` Սպանիոյ մէջ, ուր մրցումը վերջ գտած էր 3-3 արդիւնքով, Պարսելոնայի գեղեցիկ յարձակողական ֆութպոլի եւ Ինթերի գեղեցիկ հակայարձակողական ելոյթներուն բերմամբ, հակառակ անոր որ Ինթեր 4-րդ կոլ մըն ալ նշանակած էր շնորհիւ հայազգի Հենրիխ Մխիթարեանի, որուն կօշիկին ծայրը… օֆ սայտ դիրքի վրայ էր:
Ինթերէն պիտի բացակային խմբապետ Լաութարօ Մարթինես եւ Պենժամեն Փաւար, մինչ Պարսելոնայէն կը բացակային Ժիւլ Քունտէ, Պալտէ, եւ Քասատօ: Կը վերադառնայ նաեւ գերմանացի Թեր Շթեկըն, որ Պարսելոնայէն ամիսներով կը բացակայէր վիրաբուժութեան պատճառով: