Վաղը Անսարի դաշտին վրայ ժամը 14:00-ին ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Նուժումի դէմ` Պէյրութի շրջանի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Իրենց առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը 5-2 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրած էին Արզի դէմ, մինչ Նուժում իր առաջին մրցումին 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Անդրանիկի հետ:
Համակիրներէն կը սպասուի մեկնիլ Անսարի դաշտ` քաջալերելու տղաքը, որոնք ամէն գնով կը փորձեն յաղթանակ արձանագրել` բարձրանալու Գ. դասակարգ: Տղաքը անցեալ շաբաթ 2-1 արդիւնքով ետ մնալէ ետք, պայքարի բարձր ոգի ցուցաբերեցին եւ 4 յաջորդական կոլեր նշանակեցին Արզի բերդին մէջ:
Երկրորդ մրցումին յաղթանակ մը եւս խումբը լրջօրէն կը դնէ դիրքի մը վրայ, ուր լաւ կրնայ պայքարիլ Աթլեթիքոյի, Սանհարիպի եւ Նօ Լիմիցի դէմ, որոնք իրենց առաջին մրցումները յաղթած էին:
Ստորեւ` Բ. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
Վաղը` ժամը 12:00-ին, Սապիլ – Նօ Լիմից (Մապարրայի դաշտ)
Սանհարիպ – Աթլեթիքօ (Նըժմէի դաշտ)
Ժամը 14:00-ին, Արզ – Պէյրութ Ֆ. Ք. (Նըժմէի դաշտ)
ՀՄԸՄ – Նուժում (Անսարի դաշտ)
Ժամը 16:00-ին, Տինամօ – Անդրանիկ (Անսարի դաշտ)