Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ Մինիափոլիսի մէջ 117-93 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը, որ կը խաղար առանց Սթեֆ Քըրրիի:
Քըրրի, որ վիրաւորուած էր առաջին ճակատումին, մէկ շաբաթ հեռու պիտի մնայ դաշտերէն` յուսալով, որ իր խմբակիցները պայքարին առնուազն մրցում մը եւս յաղթելով մինչեւ իր վերադարձը:
Ճուլիըս Ռենտըլ 24 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց իր վերադարձին եւ Մինեսոթայի ճակատումներու արդիւնքը հաւասարեցուց (1-1):
Անթոնի Էտուըրտծ 20 կէտ նշանակեց եւ առաջին մասին վիրաւորուելէ ետք կրցած էր վերադառնալ 3-րդ մասին:
Մինեսոթա մրցումին սկիզբէն մինչեւ աւարտ տիրապետեց Կոլտըն Սթէյթի վրայ, որուն աստղերէն Ճիմի Պաթլըր ըսաւ. «Ես տակաւին կ՛ուզեմ յաղթել: Կարեւորագոյն դասը այն է, որ պէտք չէ պարտուած սկսինք մրցումը: Ամէն բան տարբեր կրնար ըլլալ, եթէ աւելի կեդրոնացած խաղայինք»:
Այսօր Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններուն լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած Քլիվլենտ Քեվելիրզ եւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր իրենց երրորդ ճակատումները պիտի ունենան:
Քլիվլենտ պիտի ըլլայ հիւրը Ինտիանա Փէյսըրզին, որ 2 մրցումներն ալ յաղթած էր Քլիվլենտի մէջ, մինչ Տենվըր Նակեթց պիտի փորձէ իր դաշտին վրայ 2 մրցում հիւրընկալելու առիթէն օգտուիլ, նախապէս մրցում մը խլելէ ետք Օքլահոմայի մէջ: Արդիւնքը 1-1 է ճակատումներուն: