Մարզական

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Փայլուն  Յաղթանակ Մը Տարաւ Ճիւնիի Մէջ

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Փայլուն Յաղթանակ Մը Տարաւ Ճիւնիի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը Քլիւպ Սանթրալի դաշտին վրայ 99-92 արդիւնքով շատ կարեւոր եւ փայլուն յաղթանակ մը տարաւ տեղւոյն Սանթրալի (Մարքազիէ Ճիւնի) խումբին վրայ: Սանթրալ շատ լաւ ձեւով սկսաւ եւ 31-23 արդիւնքով յառաջացաւ առաջին մասին: ՀՄԸՄ հետզհետէ ինքզինք գտաւ եւ 13 կէտի տարբերութիւնը ոչ միայն նուազեցուց, այլ իր կարգին 11 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ վերջին մասին: Ճորտըն Սթիվընզ 40 կէտ նշանակեց (4...

Հեծելարշաւ.  Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Ժողովը

Հեծելարշաւ. Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Ժողովը

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը կազմակերպեց ընդհանուր ժողով մը, որուն ընթացքին տեղի ունեցան երկու նիստեր` կանոնաւոր եւ արտակարգ, ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին` Ժալ Էլ Տիպի մէջ, ներկայութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Հրայր Սեդոյեանի, ֆետերասիոնի անդամներուն, ինչպէս նաեւ 9 ակումբներու ներկայացուցիչներու (որոնց 7-ն կրնան քուէարկել): Այս ժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան 2025-ի ծրագիրները եւ նիւթական զեկուցումը, ներկայ էր նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան: Բացման խօսքը...

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Դուրս Մնաց. Նակեթց – Թանտըր` 2-3

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Դուրս Մնաց. Նակեթց – Թանտըր` 2-3

«էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի մրցումներուն, երէկ արձանագրուեցաւ առաջին անակնկալը, երբ թիւ 4 դասուած Ինտիանա Փէյսըրզ 114-105 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քլիվլենտ Քեվելիրզին, դուրս ձգեց Արեւելեան շրջանի թիւ 1 դասուած իր մրցակիցը: Շատեր կը սպասէին, որ Քլիվլենտ Օհայոյի մէջ ինքզինք վերագտնէ եւ յաղթէ Ինտիանային, սակայն Փէյսըրզ իր երեք մրցումներն ալ մրցակիցի դաշտին վրայ կրցաւ յաղթել եւ հասնիլ Արեւելեան շրջանի աւարտական: Հակառակ...

Մարզական Կարճ Լուրեր

Մարզական Կարճ Լուրեր

. «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումին իրաւարար նշանակուած է ռումանացի Իշթվան Քովաչ: Աւարտական մրցումին, որ տեղի կ՛ունենայ Միւնիխի մէջ, Ինթեր Միլան եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն իրար դէմ պիտի մրցին 31 մայիսին: «Եուրոփա լիկ»-ի աւարտականին, Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Թոթենհամ իրար դէմ պիտի մրցին 21 մայիսին: Այս մրցումը պիտի ղեկավարէ գերմանացի Ֆելիքս Զվայըր, եւ տեղի պիտի ունենայ Պիլպաոյի մէջ...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ազուր – ՀՄԸՄ Անթիլիաս Վերջին Վճռական Մրցումը

Պասքեթպոլ. Այսօր` Ազուր – ՀՄԸՄ Անթիլիաս Վերջին Վճռական Մրցումը

Երկուշաբթի գիշեր ՀՄԸՄ Անթիլիաս 78-75 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ազուրը` հաւասարեցնելով ճակատումներու արդիւնքը եւ պարտադրելով 5-րդ եւ վերջին վճռական մրցում մը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր ժամը 21:00-ին, Լուէյզիի դպրոցի դաշտին վրայ: Շատ հետաքրքրական ելոյթներ տեղի կ՛ունենան երկու խումբերուն միջեւ, ուր պզտիկ մանրամասնութիւններ միայն կը վճռեն արդիւնքը: Շատ կարեւոր է կանուխէն ճեղքել փորձել ֆաուլի հաւաքելու մրցակիցէն` առնուազն վերջին մասին աւելի հանգիստ...

Ուասլ 2025.  Ռիատի Յաղթեց Սաժեսին Եւ Կ՛ուղղուի Կիսաւարտական

Ուասլ 2025. Ռիատի Յաղթեց Սաժեսին Եւ Կ՛ուղղուի Կիսաւարտական

Երկուշաբթի գիշեր, «Նուհատ Նաուֆալ» համալիրի դաշտին վրայ Ուասլի եւ Լիբանանի ախոյեան Ռիատի եւ Սաժես իրար դէմ մրցեցան: Առաջին հանգրուանին երկու անգամ յաղթելէ ետք, Ռիատի 101-71 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաժեսը: Ռիատի Ֆայնըլ 8-ի գծով իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց շաբաթ օր Ասթանային յաղթելէ ետք (93-58), մինչ Սաժես, որ Ճետտայի Իթթիհատին յաղթած էր (99-69), պէտք է անպայման յաղթէ Ասթանային` հասնելու համար կիսաւարտական:...

«Էն. Պի. Էյ.» Նիւ Եորք Նիքս – Պոսթըն Սելթիքս` 121-113. Մինեսոթա Յաղթեց Կոլտըն Սթէյթի

«Էն. Պի. Էյ.» Նիւ Եորք Նիքս – Պոսթըն Սելթիքս` 121-113. Մինեսոթա Յաղթեց Կոլտըն Սթէյթի

Արեւելեան շրջանի 3-րդ դասուած խումբը` Նիւ Եորք Նիքս, Մետիսըն Սքուեր Կարտընի մէջ կրցաւ 121-113 արդիւնքով պարտութեան մատնել անցեալ տարուան ախոյեան Պոսթըն Սելթիքսը եւ յառաջացաւ 3-1 արդիւնքով: Մրցումի վերջին վայրկեաններուն Ճէյսըն Թէյթըմ վիրաւորեց իր սրունքը եւ դուրս բերուեցաւ դաշտէն: Սելթիքս պէտք է «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան «14-րդ վերադարձը» կատարէ, եթէ 3-1 մրցումներու հաշուով կարենայ 4-3-ի վերածել իր պարտութիւնը: Պէտք է ըսել,...

Կուարտիոլա Կը Քննադատէ Ստորագրութիւն Հաւաքողները

Կուարտիոլա Կը Քննադատէ Ստորագրութիւն Հաւաքողները

Աշխարհահռչակ մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա քննադատած է ստորագրութեան «որսորդներ»-ը, որոնք պարբերաբար կը սպասեն իրեն` յոյս ունենալով ստանալու ստորագրութիւնը եւ զայն ծախելու նպատակով: «Իմ տունս մի՛ ներկայանաք... Գացէ՛ք դպրոց եւ սորվեցէ՛ք, մի՛ վատնեք ձեր կեանքը», յայտնեց Կուարտիոլա: Սակայն ըստ շատերու, ասիկա մեծ եկամուտներ կ՛ապահովէ: Ստորագրութիւն հաւաքողները սովորաբար կը գնեն մարզաշապիկներ, լուսանկարներ կամ այլ իրեր (օրինակ` գնդակ), ստորագրութիւն ստանալէն ետք զանոնք ծախու դնելու...

Վասքիս Եւ Մոտրիչ 15 Օրով Պիտի Երկարաձգեն  Իրենց Պայմանագրութիւնը

Վասքիս Եւ Մոտրիչ 15 Օրով Պիտի Երկարաձգեն Իրենց Պայմանագրութիւնը

Ըստ «ԱՍ» պարբերականին, Ռէալ Մատրիտ կը քննարկէ ակումբի միջնապահներ Լուքաս Վասքիսի եւ Լուքա Մոտրիչի պայմանագիրները 15 օրով վերանորոգելը, որպէսզի անոնք կարենան մասնակցիլ ակումբներու մոնտիալին: Երկու ֆութպոլիստներուն պայմանագրութիւնները կ՛աւարտին 30 յունիսին, մինչ ակումբներու մոնտիալը կը սկսի 15 յունիսին եւ կ՛աւարտի 13 յուլիսին: Ռէալ Մատրիտ, որ այս տարի որեւէ տիտղոս չէ կրցած շահիլ, արդէն իսկ իր վերջին ամիսները կը բոլորէ իտալացի մարզիչ...

Բռնցքամարտ.  Կարէն Չուխաջեան Նուաճեց «Տապըլեու. Պի. Օ.» Միջազգային Տիտղոսը

Բռնցքամարտ. Կարէն Չուխաջեան Նուաճեց «Տապըլեու. Պի. Օ.» Միջազգային Տիտղոսը

Ուքրանահայ միջին կշիռի բռնցքամարտիկ Կարէն Չուխաջեան ռինկ վերադարձած էր անցեալ տարուան աւարտին Ճարոն Էննիսէն կրած պարտութենէն ետք: Ըստ «Արմէնփրես»-ին, ուքրանահայ բռնցքամարտիկը մրցեցաւ արժանթինցի Քրիսթիան Խաւիէ Այալայի դէմ, Գերմանիոյ Ռոսթոք քաղաքին մէջ: Մրցումը կը բաղկանար 10 ռաունտերէ, որոնց ընթացքին ուքրանահայ մարտիկը առիթ չտուաւ իր մրցակիցին եւ ջախջախիչ որոշումով (99-91, 99-91 եւ 99-92 արդիւնքով) եղաւ վերջնական ախոյեան:    

«Էն. Պի. Էյ.»  Մրցանիշները Կը Շարունակուին  Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն

«Էն. Պի. Էյ.» Մրցանիշները Կը Շարունակուին Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն

Տենվըր Նակեթց եւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր կիրակի գիշեր շատ ձախող ելոյթ մը ունեցան իրենց 4-րդ ճակատումին, ուր առաջին մասին միայն 25 կէտ նշանակեցին... միասնաբար: Արդարեւ 12 վայրկեաններէ ետք («Էն. Պի. Էյ.»-ի 1 մասի ժամանակը) Թանտըր 17-8 արդիւնքով յառաջացաւ ձախողութեան մրցանիշի մը հաւասարելով: 2002-ին բնական ախոյեանութեան գծով Տիթրոյիթ Փիսընզ 16-9 արդիւնքով յառաջացած էր Թորոնթօ Ռեփըրզի դէմ մրցումին: 1999-ին ալ Փորթլենտ եւ...

«Սերի Ա.»  Նափոլի 2 Կէտ Կորսնցուց Ճենովայի Դէմ

«Սերի Ա.» Նափոլի 2 Կէտ Կորսնցուց Ճենովայի Դէմ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 36-րդ հանգրուանին «Սերի Ա.»-ի պարագլուխի դիրքը գրաւող Նափոլի իր դաշտին վրայ չկրցաւ յաղթել Ճենովային (13-րդ) եւ 2-2 արդիւնքով բաւականացաւ: 3 կէտի առաւելութիւնը` Բ. դիրքը գրաւող Ինթերի վրայ, 1-ի նուազեցաւ, հակառակ անոր որ Նափոլի գրեթէ ամբողջութեամբ տիրապետեց խաղին, բայց մեծ թիւով առիթներ կորսնցուց: Լուքաքու եւ Ռասփատորի նշանակեցին Նափոլիի կոլերը, մինչ իտալացի բերդապահ Ալեքս Մերեթի սխալէն օգտուեցաւ Ճենովան իր...

«Փրեմիեր Լիկ».  Լիվըրփուլ – Արսենալ` 2-2

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլ – Արսենալ` 2-2

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեան Լիվըրփուլ 36-րդ հանգրուանին գծով հիւրընկալեց Բ. դիրքը գրաւող Արսենալը եւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց երթի մրցումին նման: Երթին Արսենալ իր դաշտին վրայ առաջին կիսախաղին տիրապետած էր եւ 2-1 արդիւնքով աւարտած զայն, մինչ Լիվըրփուլ Բ. կիսախաղին տիրապետած եւ նշանակած էր հաւասարութեան կոլը: Կիրակի օր Էնֆիլտի մէջ Լիվըրփուլ տիրապետեց առաջին կիսախաղին եւ 2 կոլ նշանակեց Կաքփոյի եւ Լուիս...

«Լա Լիկա».  Պարսելոնա Յաղթեց «Քլասիքօ»-ին,  Բայց Շատ Կոլեր Ստացաւ

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Յաղթեց «Քլասիքօ»-ին, Բայց Շատ Կոլեր Ստացաւ

Մօտ երկու շաբաթ առաջ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի աւարտականին Պարսելոնա 3-2 արդիւնքով (յետ երկարաձգման) յաղթած էր Ռէալ Մատրիտի դէմ «Քլասիքօ»-ին: Կիրակի օր, ախոյեանութեան («Լա լիկա») 35-րդ հանգրուանին գծով Պարսելոնիա անգամ մը եւս պարտութեան մատնեց Ռէալը, հակառակ անոր որ Ռէալէն ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ հեթ թրիք իրագործեց: 14-րդ վայրկեանին արդէն Էմպափէ 2 կոլ նշանակած էր, բայց Պարսելոնա, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ին նման «վարժուած...

Նշմար.  Ժամանակ, Նուիրում Եւ… Արդիւնք

Նշմար. Ժամանակ, Նուիրում Եւ… Արդիւնք

ԿԱՐՕ Կ. Տարիներէ ի վեր կը հետեւինք մարզական խաղերու, կը հաւնինք կամ կը քաջալերենք ֆութպոլի կամ պասքեթպոլի խումբեր, մարզիկներ, բայց չենք գիտեր կամ գաղափար չունինք (մեծ մասամբ), թէ ինչո՛ւ կամ ինչպէ՛ս լաւ են, կամ կայուն ձեւով արդիւնքներ ձեռք կը բերեն կամ ելոյթներ կ՛ունենան: Շատ պարզ է: Օրը 24 ժամ է, ուր մարզիկ մը ի՛նք կ՛որոշէ ինչպէս դասաւորէ լա՛ւ մարզիկ դառնալու,...

Հեծելարշաւի Մրցում`  Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

Հեծելարշաւի Մրցում` Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին, գործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հեծելարշաւի յանձնախումբին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ` Հրայր Սատոյեանի, կիրակի, 11 մայիս 2025-ին, առաւօտեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ազատամարտի լիբանանահայ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին նուիրուած աւանդութիւն դարձած հեծելարշաւի մրցումը աւելի քան 55 մասնակիցներով: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Կալի Թագւորեան, որ շեշտեց, թէ...

Պասքեթպոլ.  Այսօր ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պէտք Է Յաղթէ

Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պէտք Է Յաղթէ

Այսօր երեկոյեան ժամը 21:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս անպայման պէտք է յաղթէ Ազուրի, եթէ կ՛ուզէ հասնիլ աւարտական: Շաբաթ օր, առաջին մասին լաւ խաղալէ ետք, ՀՄԸՄ Անթիլիասի օտարներէն Ճիլիըն Արչըր մրցումի պահուն քանի մը անգամ ինկաւ գնդակին համար պայքարելու պահուն, եւ այդ վայրկեանէն ետք ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները կարծէք իրենց ինքնավստահութիւնը կորսնցուցին: Բ. մասին 10...

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Նուժումէն` 2-1 Արդիւնքով

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Նուժումէն` 2-1 Արդիւնքով

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Պէյրութի շրջանի երկրորդ շաբթուան մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Նուժումի դէմ մրցումին: Փենալթի մը կորսնցնելէ ետք (Ապտել Սաթերի միջոցով), ՀՄԸՄ բնաւ չկրցաւ տիրապետել խաղին վրայ, մինչ Նուժում բախտով կամ անբացատրելի ձեւով 2 կոլեր նշանակեց եւ կրցաւ պահել իր առաւելութիւնը` «մեռցնելով» մրցումը: Շատ առիթներով Նուժումի մարզիկները գետին կ՛իյնային եւ պարզապէս ժամանակ կը շահէին,...

Լեռնալիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաֆա Շուէյֆաթ` 2-1

Լեռնալիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաֆա Շուէյֆաթ` 2-1

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ երէկ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաֆա Շուէյֆաթը եւ գրաւեց Բ. խմբակի պարագլուխի դիրքը` 3 մրցումներէ ետք: Եուսեֆ Համատէ եւ Էլի Փիլաւճի նշանակեցին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կոլերը, որոնց շնորհիւ խումբը գրաւեց խմբակի պարագլուխի դիրքը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Ուահտէ Շհիմը, որ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Շհիմ Ռիատիին: Թաատոտ Մազրաաթ Շուֆ 6-2 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Մասիսը:...

Պունտըսլիկա.  Պայերն Միւնիխ Տօնեց Իր 34-րդ Ախոյեանութիւնը,  Միւլըր Իր Վերջին Ելոյթը Ունեցաւ Միւնիխի Մէջ

Պունտըսլիկա. Պայերն Միւնիխ Տօնեց Իր 34-րդ Ախոյեանութիւնը, Միւլըր Իր Վերջին Ելոյթը Ունեցաւ Միւնիխի Մէջ

Պայերն Միւնիխ անցեալ կիրակի ախոյեան դարձած էր, երբ Լեւերքուզըն ձախողած էր յաղթել Ֆրայպուրկին եւ շաբաթ օր, Միւնիխի մէջ իր վերջին մրցումին, Պայերն տօնեց իր 34-րդ ախոյեանութիւնը` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մէօնշընկլատպախին: Թոմաս Միւլըրի համար վերջին ելոյթն էր Պայերնի հետ` Միւնիխի մէջ, ուր ան իր ասպարէզը անցուց 10 տարեկանէն սկսեալ, մնալով 25 տարի, ուր ան սկիզբէն կրած էր թիւ 25 շապիկը:...

Page 123 of 1275 1 … 122 123 124 … 1,275

Արխիւներ