Չորեքշաբթի գիշեր «վիրաւոր» ՀՄԸՄ պատուաւոր պարտութիւն մը կրեց Սաժեսէն 102-114 արդիւնքով, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:
Մեծ թիւով համակիրներ ներկայ էին քաջալերելու ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը, որմէ կը բացակայէին սենթըր Եոաթ Ալոք (պատժուած), Կերի Չիւիչեան (վիրաւոր) եւ Պասել Հարֆուշ (վիրաւոր), մինչ Գէորգ Գէորգ վերադարձած էր եւ առաջին անգամ ըլլալով հիմնական կազմէն նկատի առնուած:
Մրցումը սկսաւ շատ արագ եւ Սաժես, որ մեծ թիւով առաջին կարգի մարզիկներ ունէր, հանգիստ պասքեթպոլ խաղցաւ, մինչ ՀՄԸՄ-ի տղաքը իրենց կարելին ըրին` նշանակելով 19 կէտեր` Սաժեսի 35-ին դիմաց:
Բ. մասին ՀՄԸՄ-ի տղաքը շատ աւելի լաւ էին, եւ մրցումը հետզհետէ 3 կէտնոց հարուածներու «շօ»-ի վերածուեցաւ, ուր մէկ կողմէն Ճորտըն Սթիվընզ ու Գէորգ եւ միւս կողմէ Զաք Լոֆթըն եւ Քէյտի Լալէյն հեռուէն կը նշանակէին հանգիստ կողովներ:
Բ. կիսախաղին ալ շարունակուեցաւ նոյն ընթացքը, եւ ՀՄԸՄ մանաւանդ 4-րդ մասին կրցաւ Սաժեսի առաւելութիւնը նուազեցնել եւ մրցումը աւարտել 102-114 արդիւնքով, ուր վերջին վայրկեանին Մարք Քայյալ 2 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` ՀՄԸՄ-ի համակիրները ձեւով մը ուրախ ղրկելով տուն:
Ճորտըն Սթիվընզ 28 կէտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Գէորգ Գէորգ 21 կէտ, 2 էսիսթ եւ 1 սթիլ ձեռք ձգեց 25 վայրկեաններ կատարելէ ետք:
Շատ քաջալերելի էր Գէորգի խաղը, ուր ան 3 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց եւ 6 անգամ ալ արագ ճեղքելով 2 կէտնոց կողովներ նշանակեց: Ճէյսըն Սուֆան իր կարգին լաւ ելոյթ ունեցաւ` նշանակելով 13 կէտ, 5 ռիպաունտ եւ 1 սթիլ:
Կապրիէլ Աճէմեան 15 կէտ եւ 6 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Թայլըր Պէյ 11 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Ճոզեֆ Խուրի 4 կէտ, 2 ռիպաունտ եւ 2 սթիլ կատարեց, մինչ Քայյալ 8 կէտ նշանակեց 2,33 վայրկեանի ընթացքին: Փիթըր Տեքերմենճեան 2 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` պայքարի լաւ ոգի ցուցաբերելով:
ՀՄԸՄ 13 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, մինչ Սաժես` 16: Սաժեսի լաւագոյն մարզիկն էր Քէյտի Լալէյն, որ 26 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
16-րդ հանգրուանէն ետք ՀՄԸՄ 1 դիրք կորսնցուց եւ այժմ 5-րդ դիրքի վրայ կը գտնուի` Անթունիէի հետ հաւասարելով 8 յաղթանակով եւ 8 պարտութեամբ: Իրար դէմ յաջորդ ճակատումը կրնայ վճռել 4-րդ դիրքը գրաւելու առաւելութիւնը: ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Քլիւպ Սանթրալը (Մերքեզիյէ), եւ մրցումը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 13 մայիսին, ժամը 20:00-ին, մրցակիցի դաշտին վրայ:


