Մարզական

Վաղը` «Սփոր Էվազիոն»-ին Մամլոյ Ասուլիսը

Յաջորդաբար 8-րդ տարին ըլլալով` «Սփոր Էվազիոն» ընկերութիւնը կը կազմակերպէ պէյրութեան ընկերութիւններու մարզական մրցաշարք մը, որ տեղի պիտի ունենայ 18-19 ապրիլին: Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելու համար ընկերութիւնը վաղը` չորեքշաբթի, 8 ապրիլին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, «Քաունթրի լոճ» համալիրին մէջ (Պսալիմ):

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Պարտուեցաւ Պիելոռուսիայէն

Հայաստանի ֆութպոլի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ իր երկրորդ մրցումը կատարեց Պիելոռուսիոյ իր հասակակիցներուն դէմ, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Հիւր կազմը իր երկու կոլերը նշանակեց 15-րդ եւ 58-րդ վայրկեաններուն, իսկ հայրենի կազմը` 28-րդ վայրկեանին, շնորհիւ Վալենթին Սերխունի: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ հաւաքականին հիմնական կարգ մը մարզիկները այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը չբերին: Նշենք, որ երկու կազմերուն միջեւ...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Փիւնիկ Կէտերու Տարբերութիւնը Բարձրացուց 7-Ի

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փիւնիկ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը եւ եօթը կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Ուլիսի վրայ` 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Արարատին: Նշենք, որ Ուլիս իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Միքայէն, երբ Արտակ Գրիգորեան նշանակեց մրցումին միակ կոլը (45-րդ): Ինչ կը վերաբերի Փիւնիկի արձանագրած յաղթանակին, անոր չորս անպատասխան կոլերը նշանակեցին Ռազմիկ Յակոբեան (5-րդ), Կամօ Յովհաննիսեան...

Անն-Մարի Ապտել Քարիմի Պասքեթպոլի Մրցաշարք.  Բ. Հանգրուանի Մրցումները Տեղի Ունեցան

Անն-Մարի Ապտել Քարիմի Պասքեթպոլի Մրցաշարք. Բ. Հանգրուանի Մրցումները Տեղի Ունեցան

Կազմակերպութեամբ Հուփս ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ տեղի ունեցան Անն-Մարի Ապտել Քարիմի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի մրցումները: Նշենք, որ տեղի կ՛ունենան 1997-1998, 1999-2000 եւ 2001-2002-ի ծնունդ դասակարգի մրցումները` մասնակցութեամբ հետեւեալ ակումբներուն, Ռիատի Պէյրութ, Էներճի, ՀՄԸՄ, Մութթահետ Թրիփոլի, Սպաքթ, Անդրանիկ, Շիահ եւ Շանվիլ: Հուփս-2 յաղթեց Ռիատի Պէյրութին (1997-1998)` 36-34 արդիւնքով, Հուփս 2 Հուփս-1-ին (1999-2000)`...

Ճատրակ. Մարիա Մուզիչուք Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Սոչիի մէջ (Ռուսիա) աւարտեցաւ աղջկանց ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Աշխարհի 15-րդ ախոյեան հանդիսացաւ Ուքրանիան ներկայացնող Մարիա Մուզիչուք, որ աւարտականին (6-րդ հանգրուան) 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նաթալիա Փոկոնինան (Ռուսիա): Նշենք, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան, որոնք սակայն պայքարը լքեցին Ա. հանգրուանէն:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները.  Ռոնալտօ` Փենթա – Թրիքի Հեղինակ. Պայէրն Միւնիխ Յաղթեց Պորուսիա Տորթմունտին

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Ռոնալտօ` Փենթա – Թրիքի Հեղինակ. Պայէրն Միւնիխ Յաղթեց Պորուսիա Տորթմունտին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Չելսի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սթոք Սիթիին: Արսենալ 4-1 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` Լիվըրփուլը, մինչ Մանչեսթըր Եունայթըտ` Ասթոն Վիլան, 3-1 արդիւնքով: Իտալիոյ մէջ, Եուվենթուս ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Էմփոլիին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Եուվենթուս ունեցաւ 70 կէտ, մինչ անոր անմիջական մրցակիցը`...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Երկու Մրցումներ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի` փլէյ-օֆի մրցումները պիտի սկսին այսօր` շաբաթ, 4 ապրիլին, երբ տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ: Երեկոյեան ժամը 17:00-ին սկսելիք քառորդ աւարտականի այս մրցումները յաջորդաբար իրարու դէմ պիտի հանեն Շանվիլն ու Մութթահետը եւ Ռիատին ու Հուփսը: Առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ Շանվիլի դաշտին` Տիք Մըհտիի մէջ, մինչ երկրորդը Ռիատիի դաշտին` Մանարայի մէջ: Ինչպէս ծանօթ է,...

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Յաղթեց Պիելոռուսիոյ Իր Հասակակիցներուն

ArmSport.am երէկ հաղորդեց, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին յաղթեց Պիելոռուսիոյ իր հասակակիցներուն: Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Կարէն Մելքոնեան (23-րդ) եւ Աբրահամ Փորթուգալեան (59-րդ): Հայրենի կազմը, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիայի կեդրոնին մէջ յատուկ բանակում մը կը կատարէ, նոյն խումբին դէմ երկրորդ մրցում մըն ալ ունի կատարելիք:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Պորուսիա Տորթմունտ – Պայէրն Միւնիխ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք մրցումներէն ոմանք, որոնց կարգին` Արսենալ - Լիվըրփուլ, Պորուսիա Տորթմունտ - Պայէրն Միւնիխ, Մարսէյ - Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ ուրիշներ, պիտի ըլլան ուշագրաւ եւ բաւական հետաքրքրական: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 31-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Արսենալ (3) - Լիվըրփուլ (5) 13:45 Լայսթըր Սիթի...

Ըմբշամարտ. Արայիկ Պաղտատեան. «Ֆրանգուլեան Յաղթեց Թէ՛ Թուրք Ըմբիշին Եւ Թէ՛ Իրաւարարին

Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար առաջին ախոյեանութեան գծով յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով` Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Պաղտատեան այս մրցաշարքը ներկայացնելով ըսաւ, որ 61 քկ դասակարգին մէջ Վոլոդիա Ֆրանգուլեան, գերազանց ճակատումներ կատարեց հոն ելոյթ ունեցող թուրք եւ ազրպէյճանցի ըմբիշներուն դէմ, որոնք աւելի փորձառու էին: Ան աւելցուց, որ մրցումները կազմակերպողը ազգութեամբ թուրք էր եւ կողմնակալութիւն...

Ռիպերի Եւ Ուրիշներ Բացակայ` Այսօրուան Մրցումէն

Պայէրն Միւնիխի պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ ֆրանսացի միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել այսօր Պորուսիա Տորթմունտի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ «Պունտըսլիկա»-ի 27-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Ռիպերի, որ նախորդ 11 մարտին Շախտիոր Տոնեցքի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին վիրաւորուեցաւ, ցարդ չէ ապաքինած իր ստացած վնասուածքէն: Բացի Ռիպերիէն, Պայէրնէն պիտի բացակային նաեւ Արժեն Ռոպեն, Տաւիտ Ալապա...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սաժես – ՀՄԸՄ` 2-3

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը, երէկ յետմիջօրէին Ահտի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ կոլերով եւ առիթներով հարուստ բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Սաժես հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին տիրապետութեամբ` 2-0 արդիւնքով: 5-րդ վայրկեանին, հայրենի մարզիկ Գէորգ Օհանեան բացաւ մրցումին հաշիւը` ազատ հարուածով մը պարտութեան մատնելով բերդապահ Նեզիհ Թայը: 16-րդ վայրկեանին, Ահմետ...

ՖԻՖԱ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ. Հայաստան Երկու Դիրքով Պիտի Բարձրանայ

ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուելիք միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, երկու դիրքի ոստում մը արձանագրելով պիտի գրաւէ 77-րդ դիրքը, կը յայտնէ Totalfootball.am: Հայաստան, որ նախորդ ամիս 437 կէտով կը գրաւէր 79-րդ դիրքը, այժմ պիտի ունենայ 449 կէտ եւ պիտի ըլլայ 77-րդը: Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան, Հայաստանի մաս կազմած Թ. խմբակին բոլոր խումբերը կը գերազանցեն Հայաստանը` հետեւեալ ձեւով. Փորթուգալ` 7-րդ (1221...

Ճատրակ.  Սերկէյ Մովսիսեան` Սլովաքիոյ Ախոյեան Եւ Չեխիոյ Փոխախոյեան

Ճատրակ. Սերկէյ Մովսիսեան` Սլովաքիոյ Ախոյեան Եւ Չեխիոյ Փոխախոյեան

Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի անդամ Սերկէյ Մովսիսեան Սթարա Լուպովնա քաղաքի Անկելոս խումբին հետ հանդիսացաւ Սլովաքիոյ ախոյեան: Ապա, հայ կրանտմասթըրը Փարտուպիցէ Ռափիտ խումբին հետ հանդիսացաւ Չեխիոյ փոխախոյեան: Այս լուրը փոխանցեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` armchess.am:    

Կռփամարտ. Ալեն Դանիէլեան Պիտի Պայքարի Ոսկի Մետալի Համար

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Անափա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին (երիտասարդական) 49 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ալեն Դանիէլեան կը պայքարի ոսկի մետալի համար: Նշենք, որ գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանի գլխաւորած երիտասարդական հաւաքականը ցարդ տիրացած է պրոնզ մետալի մը` շնորհիւ Արարատ Կիւլպենկեանի (64 քկ):

Աթլեթիքոյի Պատուիրակութիւնը Վերադարձաւ Լիոնէն

Երէկ, Լիոնէն Պէյրութ վերադարձաւ Աթլեթիքօ Պէյրութ ակումբին պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք յատուկ բանակավայրի մը, որ տեւեց մէկ շաբաթ: Անոնք Լիոնի մէջ յատուկ եւ կարեւոր ցուցմունքներ ստացան ֆրանսացի մասնագէտներու եւ մարզիչներու կողմէ` մանրամասն տեղեկանալով մարզիկի մը կատարելիք պարտականութիւններուն մասին:  

Յաջորդաբար Հինգերորդ Ամիսը Ըլլալով`. Դաւիթ Եուրչենքօ` Ուֆայի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Իր լուրը քաղելով Ուֆայի պաշտօնական կայքէն` Totalfootball.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ յաջորդաբար հինգերորդ ամիսն ըլլալով` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ուֆայի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ ընտրուեցաւ իր ակումբին լաւագոյն ֆութպոլիստը: Մարտ ամսուան քուէարկութեան մասնակցած են 945 անձեր, որոնցմէ 237-ը քուէարկած են ի նպաստ Եուրչենքոյին: Մարտ ամսուան ընթացքին, ան ընդամէնը 6 կոլ ստացած է իր բերդին մէջ: Նշենք, որ Ռուսիոյ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը, այսօր` հինգշաբթի, 2 ապրիլին, Սաժես կը մրցի ՀՄԸՄ-ի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ահտի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Սկսաւ Իր Մարզական Հաւաքին

Ինչպէս ծանօթ է, 3 եւ 5 ապրիլին Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Պիելոռուսիոյ իր հասակակիցներուն դէմ: Այս մրցումները տեղի պիտի ունենան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Նախապատրաստուելու համար այդ 2 մրցումներուն, հայրենի կազմը, որ արդէն իսկ նոյն վայրին մէջ սկսաւ իր մարզական հաւաքին, պիտի փորձէ լաւ արդիւնք ձեռք ձգել:

Սամպօ. Ապասովէն Խլուեցաւ Անոր Տիրացած Պրոնզ Մետալը

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած աշխարհի սամպոյի բաժակի մրցաշարքին, 62 քկ դասակարգին մէջ ախոյեանի տիտղոսը նուաճեց Աշոտ Դանիէլեան: Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին, երբ կը հնչէր Հայաստանի պետական քայլերգը, 3-րդ դիրքը գրաւած ազրպէյճանցի Պախթիար Ապասով անարգալից վերաբերմունք ցուցաբերելով պատուոյ պատուանդանին վրայ, ինքզինք նստած վիճակի մէջ դրած էր: Ազրպէյճանի Սամպոյի ֆետերասիոնին նախագահ Ճէյխուն Մամետով sambo.ru կայքին յայտնեց, որ այսպիսի...

Page 1239 of 1274 1 … 1,238 1,239 1,240 … 1,274

Արխիւներ