Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար առաջին ախոյեանութեան գծով յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով` Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Պաղտատեան այս մրցաշարքը ներկայացնելով ըսաւ, որ 61 քկ դասակարգին մէջ Վոլոդիա Ֆրանգուլեան, գերազանց ճակատումներ կատարեց հոն ելոյթ ունեցող թուրք եւ ազրպէյճանցի ըմբիշներուն դէմ, որոնք աւելի փորձառու էին:
Ան աւելցուց, որ մրցումները կազմակերպողը ազգութեամբ թուրք էր եւ կողմնակալութիւն կար, երբ Վոլոդիա Ֆրանգուլեան կը մրցէր թուրքին դէմ:
Սակայն, Ֆրանգուլեան ո՛չ թուրք ըմբիշին եւ ո՛չ ալ իրաւարարին առիթ տուաւ: