Նախորդ շաբաթավերջին Սոչիի մէջ (Ռուսիա) աւարտեցաւ աղջկանց ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Աշխարհի 15-րդ ախոյեան հանդիսացաւ Ուքրանիան ներկայացնող Մարիա Մուզիչուք, որ աւարտականին (6-րդ հանգրուան) 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նաթալիա Փոկոնինան (Ռուսիա):
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան, որոնք սակայն պայքարը լքեցին Ա. հանգրուանէն: