Երէկ, Լիոնէն Պէյրութ վերադարձաւ Աթլեթիքօ Պէյրութ ակումբին պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք յատուկ բանակավայրի մը, որ տեւեց մէկ շաբաթ:
Անոնք Լիոնի մէջ յատուկ եւ կարեւոր ցուցմունքներ ստացան ֆրանսացի մասնագէտներու եւ մարզիչներու կողմէ` մանրամասն տեղեկանալով մարզիկի մը կատարելիք պարտականութիւններուն մասին:


