Իր լուրը քաղելով Ուֆայի պաշտօնական կայքէն` Totalfootball.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ յաջորդաբար հինգերորդ ամիսն ըլլալով` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ուֆայի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ ընտրուեցաւ իր ակումբին լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Մարտ ամսուան քուէարկութեան մասնակցած են 945 անձեր, որոնցմէ 237-ը քուէարկած են ի նպաստ Եուրչենքոյին:
Մարտ ամսուան ընթացքին, ան ընդամէնը 6 կոլ ստացած է իր բերդին մէջ: Նշենք, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Ուֆա կը գրաւէ 11-րդ դիրքը: