Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի անդամ Սերկէյ Մովսիսեան Սթարա Լուպովնա քաղաքի Անկելոս խումբին հետ հանդիսացաւ Սլովաքիոյ ախոյեան:
Ապա, հայ կրանտմասթըրը Փարտուպիցէ Ռափիտ խումբին հետ հանդիսացաւ Չեխիոյ փոխախոյեան:
Այս լուրը փոխանցեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` armchess.am: