ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Անափա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին (երիտասարդական) 49 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ալեն Դանիէլեան կը պայքարի ոսկի մետալի համար:
Նշենք, որ գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանի գլխաւորած երիտասարդական հաւաքականը ցարդ տիրացած է պրոնզ մետալի մը` շնորհիւ Արարատ Կիւլպենկեանի (64 քկ):