Յաջորդաբար 8-րդ տարին ըլլալով` «Սփոր Էվազիոն» ընկերութիւնը կը կազմակերպէ պէյրութեան ընկերութիւններու մարզական մրցաշարք մը, որ տեղի պիտի ունենայ 18-19 ապրիլին:
Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելու համար ընկերութիւնը վաղը` չորեքշաբթի, 8 ապրիլին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, «Քաունթրի լոճ» համալիրին մէջ (Պսալիմ):