ArmSport.am երէկ հաղորդեց, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին յաղթեց Պիելոռուսիոյ իր հասակակիցներուն:
Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Կարէն Մելքոնեան (23-րդ) եւ Աբրահամ Փորթուգալեան (59-րդ):
Հայրենի կազմը, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիայի կեդրոնին մէջ յատուկ բանակում մը կը կատարէ, նոյն խումբին դէմ երկրորդ մրցում մըն ալ ունի կատարելիք: