Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած աշխարհի սամպոյի բաժակի մրցաշարքին, 62 քկ դասակարգին մէջ ախոյեանի տիտղոսը նուաճեց Աշոտ Դանիէլեան:
Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին, երբ կը հնչէր Հայաստանի պետական քայլերգը, 3-րդ դիրքը գրաւած ազրպէյճանցի Պախթիար Ապասով անարգալից վերաբերմունք ցուցաբերելով պատուոյ պատուանդանին վրայ, ինքզինք նստած վիճակի մէջ դրած էր:
Ազրպէյճանի Սամպոյի ֆետերասիոնին նախագահ Ճէյխուն Մամետով sambo.ru կայքին յայտնեց, որ այսպիսի քայլի դիմած ըլլալուն համար Ապասով 2-էն 3 տարի պիտի որակազրկուի:
Բացի ատկէ, Ապասովէն խլուեցաւ անոր տիրացած պրոնզ մետալը: