Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սաժես – ՀՄԸՄ` 2-3

Ապրիլ 3, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-02-15_sagesse-homenetmenԼիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը, երէկ յետմիջօրէին Ահտի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ կոլերով եւ առիթներով հարուստ բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Սաժես հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը:

Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին տիրապետութեամբ` 2-0 արդիւնքով:

5-րդ վայրկեանին, հայրենի մարզիկ Գէորգ Օհանեան բացաւ մրցումին հաշիւը` ազատ հարուածով մը պարտութեան մատնելով բերդապահ Նեզիհ Թայը:

16-րդ վայրկեանին, Ահմետ Ժըրատի փորձեց արդիւնքը հաւասարեցնել, սակայն անոր հարուածած գնդակը անցաւ ՀՄԸՄ-ի բերդին սիւնին մօտէն:

27-րդ եւ 30-րդ վայրկեաններուն, Մամաս Քէհէեան եւ Քրիսթիան Թիմունեան կորսնցուցին կոլ արձանագրելու սքանչելի առիթներ:

Սակայն, Ա. կիսախաղին կորսուած վայրկեաններուն, Քրիսթիան Թիմունեան անձնական ճիգով մը նշանակեց ՀՄԸՄ-ի երկրորդ կոլը, որմէ ետք օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Ռըտուան Ղանտուր սուլեց Ա. կիսախաղի դադարը:

Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած, Մամաս Քէհէեան նշանակեց ՀՄԸՄ-ի երրորդ կոլը (48-րդ):

Այդ կոլէն ետք, Թիմունեան կորսնցուց կոլի երկու սքանչելի առիթներ:

52-րդ եւ 54-րդ վայրկեաններուն Սաժես նշանակեց երկու արագ կոլեր` շնորհիւ Մոհամետ Ապտել Սաթերի եւ Ահմետ Ժըրատիի:

Մրցումին 84-րդ վայրկեանին օրուան իրաւարարը` Ղանտուր, ի նպաստ Սաժեսի սուլեց փենալթի մը, երբ գնդակը դպաւ ՀՄԸՄ-ի յետսապահ Ահմետ Շումի ձեռքին:

Սակայն ՀՄԸՄ-ի բերդապահ Յարութ Սարգիս վարպետօրէն զսպեց Ալի Եաաքուպի հարուածած փենալթին` արգելք հանդիսանալով, որ Սաժես նշանակէ իր հաւասարութեան կոլը:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք (3-2), ՀՄԸՄ Սաժեսէն խլեց 2-րդ դիրքը: Թէեւ անոնք երկուքը ունեցան նոյնքան կէտ (34-ական), սակայն նկատի ունենալով, որ երթին ՀՄԸՄ 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Սաժեսին, ինք եղաւ Սաժեսը շրջանցողը:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներ ուղղուած էին դաշտ` քաջալերելու համար իրենց խումբը:

Յայտնենք, որ 21-րդ հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցն է Իժթիմահի, իսկ 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռիատա Ուալ Ատապ:

 

 

Նախորդը

ՖԻՖԱ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ. Հայաստան Երկու Դիրքով Պիտի Բարձրանայ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յուլիս 12, 2025
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն
Մարզական

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?