Ինչպէս ծանօթ է, 3 եւ 5 ապրիլին Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Պիելոռուսիոյ իր հասակակիցներուն դէմ:
Այս մրցումները տեղի պիտի ունենան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Նախապատրաստուելու համար այդ 2 մրցումներուն, հայրենի կազմը, որ արդէն իսկ նոյն վայրին մէջ սկսաւ իր մարզական հաւաքին, պիտի փորձէ լաւ արդիւնք ձեռք ձգել: