Պայէրն Միւնիխի պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ ֆրանսացի միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել այսօր Պորուսիա Տորթմունտի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ «Պունտըսլիկա»-ի 27-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Ռիպերի, որ նախորդ 11 մարտին Շախտիոր Տոնեցքի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին վիրաւորուեցաւ, ցարդ չէ ապաքինած իր ստացած վնասուածքէն:
Բացի Ռիպերիէն, Պայէրնէն պիտի բացակային նաեւ Արժեն Ռոպեն, Տաւիտ Ալապա եւ Խաւի Մարթինես, մինչ Հոլկեր Պաշթուպերի մասնակցութիւնը հարցականի տակ է:
Նշենք, որ Պայէրն 64 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը, մինչ Տորթմունտ, որ ունի 33 կէտ, կը գտնուի 10-րդ դիրքին վրայ: