Նէյմար` Եւրոպայի Լաւագոյն Պրազիլցին
Պարսելոնայի յառաջապահ Նէյմար ստացաւ «Սամպա Կոլտ» մրցանակը` իբրեւ Եւրոպայի մէջ հանդէս եկող լաւագոյն պրազիլցի ֆութպոլիստը, կը յայտնէ «ԱՍ» կայքը: 23 տարեկան յառաջապահը այս տիտղոսին համար մղուող պայքարին շրջանցեց Միրանտան (Աթլեթիքօ Մատրիտ) եւ Ֆելիփէ Մելոն (Կալաթասարայ): Իր տուած այս լուրը Totalfootball.am կայքը կ՛եզրափակէ նշելով, որ վերջին երեք տարիներուն այս մրցանակը կը ստանար ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի յետսապահ Թիակօ Սիլվա: ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ...



