Հայաստանի ֆութպոլի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ իր երկրորդ մրցումը կատարեց Պիելոռուսիոյ իր հասակակիցներուն դէմ, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Հիւր կազմը իր երկու կոլերը նշանակեց 15-րդ եւ 58-րդ վայրկեաններուն, իսկ հայրենի կազմը` 28-րդ վայրկեանին, շնորհիւ Վալենթին Սերխունի:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ հաւաքականին հիմնական կարգ մը մարզիկները այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը չբերին:
Նշենք, որ երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր հայրենի կազմը` 2-1 արդիւնքով: