Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 15 մայիսին տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ 4-րդ մրցումը:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Ինչ կը վերաբերի 5-րդ եւ վերջին մրցումին, անիկա տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 17 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Մանարայի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:


