Իր լուրը քաղելով ռուսական մամուլէն` ArmSport.am լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի նախկին յառաջապահ Արշակ Քորեան կը պատրաստուի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել այժմու իր ակումբին` Վիթեսի հետ:
Կը կարծուի, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին հոլանտական ակումբին կողմէ պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակուի այդ ուղղութեամբ:
Քորեան, որ իր ակումբին հետ հաւաքի պիտի մեկնի (ամրան ընթացքին), յստակ չէ, թէ ո՞ր խումբին մէջ պիտի ընդգրկուի, հիմնակա՞ն, թէ՞ երիտասարդական:
Նշենք, որ Վիթեսի հետ Քորեանի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 30 յունիսին: