Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Եուվենթուսի յաղթական մարզիկները «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի 2-րդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, իրարու դէմ հանեց Ռէալ Մատրիտը, եւ Եուվենթուսը: Ինչպէս ծանօթ է, երթին արքայական ակումբը Իտալիոյ մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Իտալիոյ մէջ: Հետեւաբար, անիկա պէտք ունէր յաղթանակի մը` մրցաշարքէն դուրս չմնալու համար: Սակայն ատիկա տեղի չունեցաւ եւ մայրաքաղաքի կազմը, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ուրբաթ, 15 Մայիսին` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ 4-րդ Մրցումը

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ ուրբաթ, 15 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի 4-րդ մրցումը` ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Իսկ ինչ կը վերաբերի 5-րդ մրցումին, անիկա...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ – Պիպլոս Աւարտականի Առաջին Մրցումը` Հինգշաբթի, 14 Մայիսին

Հինգշաբթի, 14 մայիսին կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանը, երբ առաջին մրցումին Ռիատի Պէյրութ իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը: Նշենք, որ եօթը մրցումէն չորս յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ 2014-2015 տարեշրջանի Լիբանանի ախոյեան: Ստորեւ յայտագիրը, որ հրապարակուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ. ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 14 ՄԱՅԻՍ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Ռիատի - Պիպլոս 17:30 Մանարա ՇԱԲԱԹ, 16 ՄԱՅԻՍ Պիպլոս...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2015 տարեշրջանի ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կատարեց իր առաջին մրցումը` Անուարի դէմ: ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցած այս մրցումին, թէեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը 35-29 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն, սակայն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները յաջողեցան բաւական լաւ ներկայացում մը կատարել եւ իրենք զիրենք տպաւորել: Բ. հանգրուանին գծով, ՀՄԸՄ Պուրճ...

Շարիֆ Ուըհպէ Պատուեց Հաշեմ Հայտարը

Լուսանկարները տրամադրեց` ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ երէկ` «Լանքասթըր Փլազա» պանդոկին մէջ (Ռաուշէ), «Ինթըր Քամփոս» ծրագիրի նախագահ եւ Թատամոն Սուրի նախկին նախագահ Շարիֆ Ուըհպէ պատուեց եւ մեծարեց Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարը, որ վերջերս ընտրուած էր Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ: Մեծարման այս երեկոյին ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի, Լիբանանի...

Փինկ Փոնկ. Շապապ Ֆաուար` Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեան

2016 տարեշրջանին Շապապ Ֆաուար ելոյթ պիտի ունենայ Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ` նկատի ունենալով, որ անիկա հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան` աւարտականի մրցումին 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շապապ Հարեթ Սայտայի: Վերջինս ցարդ իր յոյսերը չէ կորսնցուցած Ա. դասակարգ բարձրանալու համար` նկատի ունենալով, որ փլէյ-օֆի մրցում ունի կատարելիք Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտին` դասաւորման 11-րդ դիրքը գրաւող խումբին հետ: 3-րդ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ Յաղթեց, Բայց Պարսելոնա Հասաւ Աւարտականին

Նէյմար Երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ Պայէրն Միւնիխ - Պարսելոնա ճակատումը, որ կ՛իյնայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ: Պարսելոնա, որ երթին իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկուան այս մրցումին թէեւ 3-2 արդիւնքով պարտուեցաւ, սակայն ապահովեց աւարտական մրցումին իր տոմսը: Ան պիտի ճակատի Ռէալ Մատրիտ - Եուվենթուս մրցումին յաղթականին դէմ: Դարձի այս մրցումը տեղի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը կատարէ իր առաջին մրցումը` Անուարի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ` Նաքքաշ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի այսօր ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. «Քիտզ Աթլեթիքս»- ի Մրցումները Տեղի Ունեցան Մեծ Խանդավառութեամբ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին 2014 - 2015 տարեշրջանի կազմակերպած «Քիտզ Աթլեթիքս»-ի խաղերը տեղի ունեցան կիրակի, 10 մայիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ (Պուրճ Համուտ): Մրցաշարքին մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի վարժարաններէն Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Ս. Խանամիրեանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան...

Մինսքի Մէջ Հայ Կռփամարտիկները Տիրացան Արծաթ Եւ Պրոնզ Մետալներու

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն` ArmSport.am լրատուական կայքը հաղորդեց, որ Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա) տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին հայ կռփամարտիկները տիրացած են մէկ արծաթ եւ մէկ պրոնզ մետալի: 52 քկ դասակարգին մէջ Նարեկ Աբգարեան յաղթելով իր բոլոր մրցակիցներուն, հասաւ աւարտական հանգրուան, ուր սակայն զիջելով Ուզպեքիստանը ներկայացնող մարզիկէն, արժանացաւ արծաթ մետալին: Իսկ 64 քկ դասակարգին մէջ Արա Պուլուզեան...

Աթլեթիզմ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Այսօր Կը Վերադառնայ Պէյրութ

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պաժժանի յայտարարեց, որ երեքշաբթի, 12 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Տոհայէն (Քաթար) Պէյրութի միջազգային օդակայան կը վերադառնայ Լիբանանի աթլեթիզմի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Ասիոյ աթլեթիզմի կրտսերներու երկսեռ ախոյեանութեան: Քաթարի մէջ Լիբանան յաջողեցաւ տիրանալ արծաթ եւ պրոնզ մետալներու: Պաժժանի եզրափակեց, որ յատուկ ընդունելութիւն մը տեղի պիտի ունենայ օդակայանին պատուոյ հիւրասրահին մէջ:  

Ճատրակ. Էլինա Դանիէլեան` Ստեփանակերտի Միջազգային Մրցաշարքի Յաղթող

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am, իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ նշեց, որ մայիսեան տօներուն նուիրուած արագ ճատրակի աղջկանց միջազգային մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ, աւարտեցաւ կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեանի յաղթանակով, որ ապահովեց 6,5 կէտ: 2-րդ դիրքը գրաւեց Լիլիթ Մկրտչեան (6 կէտ), իսկ 3-րդ դիրքը` Լիլիթ Կալոյեան (5,5 կէտ): Նշենք, որ Հայաստանէն բացի իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Միացեալ Նահանգներէն, Աւստրալիայէն,...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պայէրն Միւնիխ – Պարսելոնա Դարձի Մրցումը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 12 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Պայէրն Միւնիխ - Պարսելոնա դարձի մրցումը, որ բնականաբար պիտի ըլլայ բաւական ճակատագրական դաշտին տիրոջ համար` նկատի ունենալով, որ անիկա երթին 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սպանիոյ մէջ: Գերմանիոյ ախոյեանը մրցաշարքէն դուրս չմնալու համար նուազագոյնը պէտք ունի 4-0 արդիւնքով յաղթանակի մը: Նշենք, որ այսօրուան կեդրոնի...

Անն-Մարի Ապտելքարիմի Անուան Պասքեթպոլի 4-րդ Մրցաշարք. Հուփսի Խումբերը Տիրացան Տիտղոսներուն

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Անն - Մարի Ապտելքարիմի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի 4-րդ մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Հուփսի Հազմիէ ակումբին եւ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ: 1997-1998, 1999-2000 եւ 2001-2002 դասակարգերու մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ ակումբները. Ռիատի Պէյրութ, Էներճի Ռիատի, Շանվիլ Տիք Մըհտի, ՀՄԸՄ Պէյրութ, Ուխուուա Հատաս, Շիահ Ռիատի, Հուփս - Պէյրութ եւ Հուփս - Միշել Մըր: Երեք դասակարգերու տիտղոսներուն ալ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անդրանիկ Պէյրութ – Ամալ Պիքֆայա` 58-61

Անդրանիկ Պէյրութ - Ամալ Պիքֆայա մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Պէյրութ - Ամալ Պիքֆայա առաջին ճակատումը: Ամալ Պիքֆայա 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Անդրանիկը` 61-58 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (10-13, 18-31, 41-45 եւ 58-61): Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 12 մայիսին, երեկոյեան...

Թենիս. Միւրէյ Տիրացաւ Մատրիտի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Էնտի Միւրէյ (ձախին) եւ Ռաֆայէլ Նատալ Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Մատրիտի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` 2-րդ դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյի եւ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի (3-րդ) միջեւ: Աւազոտ դաշտի վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, Միւրէյ 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին` 1 ժամ 29' տեւած ճակատումէ մը ետք: Այսպիսով, Միւրէյ տիրացաւ իր ասպարէզին 33-րդ...

Սարգիս Յովհաննիսեան` Լոքոմոթիւ Մոսկուայի Նոր Գլխաւոր Մարզիչի Օգնական

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Սարգիս Յովհաննիսեան, որ նախապէս աշխատած է Լոքոմոթիւ Մոսկուայի երիտասարդական ֆութպոլի խումբին հետ, ակումբին` պատասխանատուներուն կողմէ նշանակուած է նոր գլխաւոր մարզիչի օգնական: Միոտրակ Պոժովիչի հրաժարականէն ետք Լոքոմոթիւի նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակուած է Իկոր Չերվեչենքօ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 66-56

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 66-56

ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկները` նախքան մրցումը սկսիլը Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 3-րդ ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, երբ Մանարայի դաշտին վրայ իրարու դէմ ճակատեցան Ռիատի Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս: Ինչպէս ծանօթ է, երկու կազմերը այս մրցումը սկսան արձանագրելով մէկական յաղթական: Դաշտին տէրը` Ռիատի, 2-1 արդիւնքով գերազանցեց ՀՄԸՄ Անթիլիասը, երբ արձանագրեց 66-56 արդիւնքով յաղթանակ մը (16-12, 36-27, 54-43...

Նախարար Ղազարեան Արձագանգեց Հայ-Ազրպէյճանական Բախումին

Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ քարաթէի միջազգային մրցաշարքի մը ընթացքին տեղի ունեցած է բախում մը` հայ եւ ազրպէյճանցի մարզիկներուն միջեւ, կը յայտնէ ArmSport.am: «Ինչ կը վերաբերի համացանցին վրայ տարածուած տեղեկութեան` Թիֆլիսի մէջ հայ մարզիկներուն վրայ ազրպէյճանցի վայրի ամբոխին յարձակման վերաբերեալ, կը յայտնեմ, որ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանի յանձնարարութեամբ, կը փորձէ կապ հաստատել Հայաստանի քարաթէի ազգային հաւաքականին հետ...

«Պունտըսլիկա».  Մխիթարեան` Երկու Կոլերու Փոխանցման Հեղինակ

«Պունտըսլիկա». Մխիթարեան` Երկու Կոլերու Փոխանցման Հեղինակ

Հենրիխ Մխիթարեան Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 32-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Պորուսիա Տորթմունտ, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Հերթա Պերլինին, բարձրացաւ 7-րդ դիրք: Յառաջիկայ տարեշրջանին «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մասնակցելու համար Տորթմունտ պէտք է գրաւէ 5-րդ դիրքը, իսկ անոր զտումի մրցաշարքին մասնակցելու համար պէտք է գրաւէ 6-րդ դիրքը: Թէեւ Պերլինի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Տորթմունտի երկու կոլերը նշանակեցին երկու տարբեր...

Page 1230 of 1275 1 … 1,229 1,230 1,231 … 1,275

Արխիւներ